Սուրբ Պետրոսի մէջ աղօթքի հսկում Ընտանիքի նուիրուած սիւնհոդոսի դիտաւորութեան։
Առ ի պատրաստութիւն 2014-ի հոկտեմբերին գումարուած` Ընտանիքի նուիրուած եպիսկոպոսական
արտակարգ սիւնհոդոսին, 31 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 23.15-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի
վրայ տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկում <<ընտանքի եւ աշխարհի մէջ միութեան ու խաղաղութեան
դիտաւորութեան>>։ Հսկումը կազմակերպուած է <<ընտանեկան սէր>> շարժումի նախաձեռնութեամբ
որուն բացումը կը կատարէ գերապայծառ Մաթէօ Ծուփփի` Հռոմի Թեմի տեղապահ եպիսկոպոս։ Յայտնենք
որ կիրակի 29 դեկտեմբերին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը`
իրեն յօրինած եւ Սուրբ Ընտանիքի նուիրուած յատուկ աղօթք մը արտասանեց որուն մէջ վերյիշեց
յառաջիկայ 2014-ին Ընտաինքի նուիրուած սիւնհոդոսը Սուրբ Ընտիանքէն հայցելով որ սիւնհոդոսը
կարենայ բոլորին մէջ արթնցնել գիտակցութիւնը` Ընտանիքի սուրբ ու անձեռնմխելի բնոյթին
ու անոր գեղեցկութեան` Աստուծոյ ծրագիրէն ներքեւ։ Նոյն օրը Սպանիայի <<Սակրատա Ֆամիլիա>>
պազիլիքայի, Իտալիոյ Լորէթօ Սրբավայրի եւ Երուսաղէմի Աւետման Պազիլիքայի մէջ, սրբազան
արարողութիւններ կատարուեցան Ընտանիքի եւ սիւնհոդոսի դիտաւորութեամբ։