2013-12-30 09:54:36

Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց վերջ տալու ապահովական եւ քաղաքական միջադէպերուն։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ լիբանանցիներէն կը պահանջուի իրենց տեսակէտը արտայայտել:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները պէտք է իմանան, որ կայ ժողովուրդ մը, որ ապրիլ կ՛ուզէ, եւ որ Լիբանանի գոյութիւնը միայն սիւննի եւ շիի յարանուանութիւններէն կախեալ չէ: «Մենք իբրեւ քրիստոնեաներ նաեւ ներկայ ենք այս երկրին մէջ եւ մեր պատմական դերակատարութիւնը ունինք», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց վերջ տալու երկրին մէջ արձանագրուող քաղաքական եւ ապահովական միջադէպերուն` աւելցնելով, որ կարելի չէ նման կերպով շարունակել:
Մարոնի պատրիարքը հաստատեց, որ անիշխանութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած խօսակցութիւնները ամօթալի են:
Իր խօսքը ուղղելով երեսփոխաններուն` Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ անոնց արժանապատուութիւնը պէտք է մղէ զիրենք ուղղուելու խորհրդարան եւ իբրեւ երեսփոխանական պլոքներ մասնակցելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստին, որովհետեւ անիշխանութիւնը համազօր է մահուան:
«Մահը մերժելի է, իսկ լիբանանցին պէտք է այլեւս ըսէ իր խօսքը եւ մերժէ մահուան գաղափարը` մերժելով նաեւ խօսիլ անիշխանութեան մասին», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեց` նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի սպանութեան առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.