2013-12-30 09:51:42

Պաապտայի մէջ. Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի արտակարգ նիստ։


Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը շաբաթ առաւօտեան Պաապտայի մէջ գումարեց իր արտակարգ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահը թիրախ դարձուցած պայթումին մանրամասնութիւնները:
Նիստէն ետք, ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան գերագոյն շահերը կ՛ենթադրեն, որ լիբանանցիները վերադառնան ազգային երկխօսութեան եւ անյապաղ կազմեն կառավարութիւն մը, «որովհետեւ երկիրը կը դիմագրաւէ արտակարգ պայմաններ եւ կարիքը ունի կառավարութեան մը, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ հեռու կը պահէ», ըսաւ ան:
Միքաթի ընդգծեց, որ քաղաքական տարբեր կողմեր չեն կրնար իրենց պայմաններու պարտադրումը շարունակել, եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին յանձնառու մնալու, որպէսզի սադրանքներն ու տագնապները Լիբանանէն հեռու մնան:
Միքաթի հաստատեց երկրին սահմանադրութիւնը գործադրելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Շաթահի սպանութիւնը ցնցած է ամբողջ Լիբանանը:
Իր կարգին, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր խորհուրդին անունով դատապարտեց Շաթահը թիրախ դարձուցած պայթումը` շեշտելով, որ այդ սպանութիւնը Լիբանանը եւ անոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը թիրախ կը դարձնէ:
«Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը պիտի շարունակէ դէմ դնել Լիբանանի դէմ գործուող ահաբեկչական բոլոր արարքներուն», ըսաւ Խէյր:
Ան աւելցուց, որ նիստին ընթացքին ապահովական կառոյցներուն մարմինները Շաթահի սպանութեան մասին իրենց բոլոր տեղեկութիւնները ներկայացուցած են եւ հաստատած ապահովական մարմիններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել լիբանանցիներուն ապահովութիւնը եւ երկրին կարգն ու կանոնը:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը արդարութեան նախարարէն պահանջեց Մոհամետ Շաթահի սպանութեան թղթածրարը փոխանցել Արդարութեան խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Աղէտներու օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդէն պահանջեց պայթումէն վնասուած քաղաքացիներուն հատուցումներ կատարել:
Խէյր յայտնեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը տուած է նաեւ շարք մը որոշումներ, որոնք կը մնան գաղտնի:
ՆՇԵՆՔ, որ նախագահ Սլէյման շաբաթ օր նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նաեւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.