2013-12-30 11:17:57

Կիրակնօրեայ խօսքը. նաեւ մեր «Աղօթքով» կրնանք մեղանչել Աստուծոյ դէմ…


Սիրելի՛ ընթերցող, արդէն սկսած ենք դիմաւորել տօնական օրերը, որոնց մեծագոյնն է, անկասկած, Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը` մարդեղութիւնն ամենասուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձին:
Այս տօներուն իբրեւ նախերգանք ու պատրաստութիւն` Ս. եկեղեցին, որ մեր մայրը եւ դաստիարակն է, այսօր մեզի կարդալ կու տայ երրորդ աւետարանիչէն «Փարիսեցին ու մաքսաւորը» խորագրեալ հատուածը (Ղկ. 18,9-14): Յիսուսի սրտէն ու բերնէն ելած առակն է, որուն բովանդակութեան եթէ ծանօթ չես, կը խնդրեմ, որ բանաս Ս. Գիրքդ եւ հաղորդուիս անոր բուժարար պարունակով:
Թէպէտ բնական առօրեայէն առնուած դրուագ մըն է, բայց եւ այնպէս գերբնական դիտաւորութեամբ օժտուած պատում է ո՛չ միայն «այն մարդերուն համար, որոնք իրենք զիրենք արդար համարելով` կ՛արհամարհեն ուրիշները», այլ նաեւ այն անհատին համար, որ «ինքզինքը կը բարձրացնէ» եւ կ՛աղօթէ անձնահաճութեամբ:
Արդ, նախ` փորձե՛նք ըմբռնել ու պարզել Ուսուցողին դիտաւորութիւնը, որ «յերկնուստ» իմաստութիւնն է: Երկրորդ` արժանի՛ ըլլանք մասնակից դառնալու այս «բարի իմաստութեան, որ կու տայ շնորհք» (Առ. 13,15): Երրորդ` չմոռնանք, թէ «ուղիղ սիրտը կը խնդրէ իմաստութիւն» ու «Տիրոջ երկիւղը խրատ է եւ իմաստութիւն» (Առ. 15,14 եւ 33):
Երկպառակուած մարդը ամէն բան կ՛ընէ երկիմաստ, նոյնիսկ բարեպաշտութիւնը: Առակը կը հաստատէ, որ ոչ ամէն բարեպաշտութիւն ուղիղ է եւ ճանաչում կը գտնէ Աստուծոյ քով: Կայ աղօթք, որ ապարդիւն է, չի հասնիր ու չի հասցներ երկինք: Ոչինչ է:
Փարիսեցիին աղօթքը, խորքին մէջ, որոշուած եւ կատարուած չէ Աստուծոյ համար: Երբե՛ք: Փարիսեցիինը ինքնահաստատում է, ինքնահաւանութիւն է, ինքնագովութիւն է եւ ո՛չ` փառատրութիւն է Տիրոջ: Նոյնիսկ անարժան է կոչուելու «աղօթք», որ, յաւելեալ, կը հարուածէ ընկերն ու կը չարախօսէ աղօթակիցը:
Ուղիղ աղօթքը երկխօսութիւն է Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ, մինչ փարիսեցիին «աղօթքը» նաեւ մենախօսութիւն ու ինքնանպատակ է լոկ: Ուստի, այսպիսի «աղօթք» մը, որմէ Աստուած չի հաճիր, իմաստ չունի ու նպատակավրէպ է:
Դեռ աւելի՛ն: Վախնալու ենք, որ այսպիսի վրիպած «աղօթք» մանաւանդ թէ կը հեռացնէ Տէրը մեզմէ, փոխանակ Զայն աւելի մօտեցնելու մեզի: Սարսափելի է մտածումը, թէ մեր «աղօթքով» կրնանք մեղանչել Աստուծոյ դէմ, որ նոյնպէս մեղանչում է նաեւ ընկերոջ դէմ: Եւ այսպէս կ՛արժանանանք «խոնարհեցում-նուաստացումին» Տիրոջ կողմէն:
Զգո՜յշ, Յիսուսի այս առակը ժխտականութեան պատումը չէ, այլ` անոր անդրադարձումի եւ ուսուցումի հանգամանքին մէջ յստակօրէն կը տեսնուին դրական կէտերն ու շինիչ թելադրանքները ճիշդ մեր աղօթելուն եւ աստուածահաճոյ աղօթքին համար:
Մեզի թոյլատրելի չէ անպատշաճ նիստուկացով ըլլալ Աստուծոյ առջեւ:
Մեզի թոյլատրելի չէ ուրիշներն արհամարհել, նշաւակել ու բամբասել:
Մեզի թոյլատրելի չէ բռնադատել Աստուած` ընդունելու մեր բարի գործերը:
Կենսական եւ ուղիղ է Տիրոջ շնորհակալ ըլլալ, բայց ո՛չ ուրուագծելու համար մեր անձնական սրբութիւնը, այլ` փառաբանելու Աստուծոյ բարերարութիւնները լոկ:
Աղօթքը, որ միշտ իրատես ու խոնարհ է, աստուածահաճոյ եւ լսելի է: Այս աղօթքին աստուածահաճոյութեան ու լսելիութեան համար` Յիսուսի առակէն մեզի կը տրուին նաեւ արտաքին կերպեր, որոնք կ՛օժանդակեն ներքին կամ հոգեկան ձեւերուն:
Մարդը կազմուած է հոգիէն ու մարմնէն: Հետեւաբար, «հոգեւոր պաշտամունք»-ին ընկերանալու է «մարմնաւոր պաշտամունք»-ը: Կ՛ուզեմ ըսել, որ անտարբեր չէ, թէ Ս. պատարագին ժամանակ մենք ի՛նչ կ՛ընենք ձեռքերով եւ ոտքերով, աչքերով ու ականջներով, ձայնով եւ շարժումով:
Անհրաժեշտ է, որ ներքին առկայութեան հետ համընթանայ արտաքին ներկայութիւնը, մանաւանդ թէ երկրորդը դառնալու եւ մնալու է վայել դրսեւորումն առաջինին: Այս ուղիղ տեսութեան որոշ գործնական դասեր կ՛առնենք առակէն:
Ինչպէս ծնրադրելը, նոյնպէս եկեղեցիին մէջ կանգնիլը կամ ոտքի կենալը օրինական եւ վաւերական է, պայմանով որ համապատասխանէ արարողութեան, աստուածապաշտութեան:
Նստարաններուն ետեւ մնալը կամ վերջիններուն վրայ նստիլն ունի իր անպատեհութիւնները, յատկապէս ինչ կը հայի հետաքրքրութեան ու ցրուածութեան…:
Առջեւի նստարաններն ունին միայն իրենց առաւելութիւնները, ինչպէս` ամփոփումը, խորանին մօտակայութիւնն ու տապանակին հայեցողութիւնը: Առաջակողմը հասնելու համար, սակայն, ուշացողները, ուրոյն իրենց անպատկառութեամբ, աղմկալից ընթացքով կը յառաջանան դէպի առջեւը…:
Հուսկ, հոս կը հասնինք աղօթքն ու պաշտամունքը, արտաքինն ու ներքինը, հոգեւորն ու մարմնաւորը բերրիութեամբ եւ պտղաբերութեամբ օժտող աւարտական դասին, որ բացայայտ եզրայանգումն է առակախօս Վարդապետին:
Յիսուս, որ իր աշակերտներէն ու հետեւորդներէն կը պահանջէ բացառիկ բան մը, որովհետեւ Ինքն է Բացառիկը լոկ, կը յայտարարէ, թէ` «Աստուած իմ, ներէ՛ ինծի, մեղաւոր եմ» կուրծքը բախող մաքսաւորն «աւելի արդարացած» դարձաւ իր տունը:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը ամբաստանեալ է Աստուծոյ առջեւ: Ինքզինքը «մեղաւոր եմ» դաւանողը կ՛արդարացուի, խոնարհը ազատ կ՛արձակուի, իսկ ինքնանմեղը կամ ինքնարդարը, ամբարտաւանը միշտ կը մնայ մեղադրեալ Տիրոջ ատեանին դիմաց…:
«Արդարացած» չի նշանակեր միայն «ազատ արձակուած», այլ նաեւ քայլ մը յառաջ ընթացած դէպի կատարելութիւնը Տիրոջ: Աստուած, որ ամենատես եւ արդարադատ է, կ՛արդարացնէ մարդը մօտեցնելով իր էութեան ու նմանցնելով իր սրբութեան…:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 22 դեկտեմբեր 2013







All the contents on this site are copyrighted ©.