2013-12-30 11:07:51

Կաթողիկէ Հայոց Ս. Ծննդեան տօնի հանդիսաւոր նշում


Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կաթողիկէ հայոց Ս. Ծննդեան տօնը:
Պատարագին ընթացքին հոծ թիւով հաւատացեալներուն ուղղելով իր պատգամը` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը ի միջի այլոց ըսաւ. «Յիսուս մեզի հետ է իր ծննդեան օրէն ի վեր, եւ միշտ մեզի հետ պիտի մնայ մեր պատմութեան ընթացքին, որպէսզի մեզ վերցնէ մեր դժուարութիւններէն եւ մեր մեղքերէն: Այս է մեծ նուէրը, որ Մանուկ Յիսուսը մեզի կը շնորհէ այսօր: Ան մեզի նոր թափ մը կու տայ, որպէսզի չընկճուինք մեր յուսալքումներուն եւ մեր տխրութիւններուն ծանրութեան տակ: Որովհետեւ, նոր թափը, որ Յիսուս մեզի տուաւ, կը ջերմացնէ մեր սիրտը եւ զայն կը փոխէ: Ուստի, Յիսուսի Ծննդեան տօնը մեզի բարի լուր մը կը բերէ, որ մենք անձնապէս եւ մեծապէս Աստուծմէ սիրուած ենք: Աստուած չի պատմեր միայն իր սէրը մեզի, այլեւ` այդ սէրը մեզի հայրաբար կը փոխանցէ: Ասոր համար, ներկայ մեր ցաւերուն եւ նեղութիւններուն հետ մէկտեղ, Ծննդեան տօնը մեզի կը շնորհէ յոյսի եւ ուրախութեան նշաններ: Յիսուսի Ծնունդը մեզմէ ամէն մէկուն սփոփանք, զօրակցութիւն եւ մխիթարութիւն կու տայ»:
Ս. պատարագէն ետք ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւնները ընդունեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.