2013-12-30 10:35:08

Դամասկահայութիւնը կը պատրաստուի նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն


Դամասկահայերը կը պատրաստուին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօները նշելու՝ հակառակ զգուշաւոր հանդարտութեան եւ մերթ ընդ մերթ լսուող հրաձանաձգութեան ձայներուն, իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք, Դամասկահայ շտապ օգնութեան մարմինը նախաձեռնեց դամասկահայ երեխաներուն ամանորեան նուէրներ պատրաստելու պարտականութեան: Նուէրներու գումարը գոյացած է համագործակցութեամբ Դամասկոսի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ գերմանական ՀՈՒՄԵՏԻՔԱ մարդասիրական ընկերութեան:
Շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2013-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ պատրաստուեցան 500 երեխայի մանկական սնունդ, քաղցրաւենիք եւ նուէրներ, որոնք պիտի բաժնուին Դամասկոսի հայկական վարժարանները յաճախող հայ աշակերտներուն` դամասկահայ մշակութային միութիւններուն կողմէ:
Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով երեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի հանդիսաւոր սուրբ պատարագը: Պատարագիչն էր ժողովրդապետ հայր Գէորգ վրդ. Պահէեան, որ տուաւ նաեւ իր պատշաճ քարոզը այս առիթով: Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Քնար» երգչախումբին կողմէ: Իսկ չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբերի առաւօտեան, Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագը մատուցեց Յովսէփ եպս. Առնաութեան. պատարագին ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ: Սուրբ պատարագի աւարտին ներկայ ժողովուրդը թափօր կազմած եւ «Քնար» երգչախումբի «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ առաջնորդարանի դահլիճ, ուր շնորհաւորութիւններ ընդունուեցան:
Նոյն օրը, Հայ կաթողիկէ միութեան պատանեկանը կազմակերպած էր տօնական հանդէս մը, որ սուրբ պատարագէն ետք սկիզբ առաւ եկեղեցւոյ «Ռ. Պասմաճեան» սրահին մէջ: Ուրախ մթնոլորտի մէջ, ներկայութեամբ բազմաթիւ փոքրիկներու եւ ծնողներու, ՀԿՄ-ի ջահակիրներն ու պատանիները ներկայացուցին փոքրիկ յայտագիր մը` կատարելով երգեր, նուագներ ու արտասանութիւններ նուիրուած Ս. Ծննդեան ու Նոր տարուան: Իր սրտի խօսքը արտասանեց ժողովրդապետ հայր Գէորգ վրդ. Պահէեան` մաղթելով, որ խաղաղութիւնը շուտով հաստատուի Սուրիոյ մէջ եւ այս շէն գաղութը վերագտնէ իր կենսունակութիւնը: Կաղանդ պապայի ժամանումով փոքրիկներու ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին: Անոնք պարեցին եւ զուարճացան` պահ մը մոռնալով քաղաքին մէջ տիրող դժուար պայմանները: Կաղանդ պապան ներկայ փոքրիկներուն բաժնեց ՀԿՄ-ի խորհուրդին նուէրները եւ Դամասկահայ շտապ օգնութեան մարմինի պատրաստած սննդեղէնի եւ քաղցրաւենիքի ծրարները: Այսպիսով, լաւ տրամադրութեամբ վերջ գտաւ հանդէսը` խաղաղ եւ պայծառ գալիք օրերու ակնկալիքներով:







All the contents on this site are copyrighted ©.