2013-12-30 09:49:07

Անձնասպանական գործողութիւն Վոլկոկրատի մէջ. Տասնեակներով զոհեր եւ վիրաւորներ։


Նոր պայթում մը հարուածեց Վոլկոկրատը
Առնուազն 14 զոհեր արձանագրուեցան, երբ Ռուսիոյ Վոլկոկրատ քաղաքին մէջ փոխադրակառքի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը տեղի ունեցաւ: Մէկ օր առաջ մէկ այլ անձնասպանական գործողութիւն մը քաղաքին մէջ 17 զոհ պատճառած էր:
Նուազ քան 24 ժամուան ընթացքին երկու պայթումներու արձանագրման լոյսին տակ` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայեց Ռուսիոյ տարածքին, մասնաւորաբար Վոլկոկրատի մէջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդել:
Վոլկոկրատ հոկտեմբերին եւս ականահարումի թիրախ դարձած էր, երբ կին մը փոխադրակառքի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն կատարելով 6 զոհ պատճառեց:
Տակաւին որեւէ խմբաւորում գործողութեանց պատասխանատուութիւնը չէ ստանձնած:
Մոսկուա մտահոգ է, որ Սոչիի մէջ 2014-ի ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու նախօրեակին զինեալ խմբաւորումները բռնարարքներուն թափ կու տան:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի մէկ բանբերը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը կասկած չունի, որ ռուսական իշխանութիւնները խաղերուն անվտանգութիւնը պատշաճ կերպով կ՛ապահովեն:
Շրջանի կառավարիչը բոլոր զոհերուն համար հնգօրեայ սուգ յայտարարեց:








All the contents on this site are copyrighted ©.