2013-12-30 10:01:54

«Ժընեւ-2»-ը կարելի պիտի չըլլայ ճշդուած ժամկէտին գումարել» ըսաւ Փաթրուշեւ


Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Նիքոլայ Փաթրուշեւ յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը կարելի պիտի չըլլայ ճշդուած ժամկէտին գումարել:
Մինչ այդ, երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու հարցին շուրջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի, ՄԱԿ-ի եւ Քիմիական զէնքի կանխարգիլման միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ դռնփակ հանդիպում մը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ ժողովին բացումը կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով, իսկ ռուսական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան անվտանգութեան եւ ապազինման բաժանմունքի տնօրէն Միխայիլ Ուլիանով եւ շողարձակ, քիմիական եւ բնագիտական պաշտպանութեան ուժերու փոխհրամանատարը, ինչպէս նաեւ ռուսական զինեալ ուժերու սպայակոյտէն ներկայացուցիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.