2013-12-30 10:44:50

2014-ի Յունուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնները։


Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են <<ընդհանրական եւ միսիոնարական>> աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ կը ստանձնեն <<տիեզերական>> եւ <<աւետարանցումի>> խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կարեւորութեան եւ վերարծարծելու 2012-ի աւետարանութեան մասին սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։
2014-ի Քահանայապետական աղօթքներու դիտաւորութիւնները լոյս տեսած էին անցեալ 26 փետրուար 2013-ին, Օսսեվաթորէ Ռոմանօ վատիկանեան օրաթերթի էջերուն մէջ եւ ընտրուած են վաստակաւոր Քահանայապետ` Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողմէ որ 2014-ի Յունուար ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրած էր.

Որպէս <<Տիեզերական>> աղօթքի դիտաւորութիւն` <<որպէսզի յառաջանայ իսկական տնտեսական զարգացում մը որ նկատի առնէ մարդու եւ բոլոր ժողովուրդներու արժանաւորութեան յարգանքը։

Իսկ որպէս <<աւետարանութեան>> դիտաւորութիւն` <<որպէսզի զանազան դաւանանքներու պատկանող քրիստոնեաները կարենան միասնաբար ընթանալ դէպի` Քրիստոսի պահանջած միութիւնը։>>







All the contents on this site are copyrighted ©.