2013-12-29 10:40:55

Խօսէ' ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին


RealAudioMP3 Ինչպէս որ Քրիստոս ազգի մը մենաշնորհը չէ, Քրիստոսի Եկեղեցին ալ ազգի մը մենաշնորհը չէ:

3. Քրիստոսի Եկեղեցին առաքելական է: Առաքելականութեան մեկնակէտը ՔրիստոսնԷ: Քրիստոս իր հիմնած Եկեղեցին շարունակելու իրաւունքն ու պատասխանատուութիւնը յանձնեց միայն իր առաքեալներուն, առաքեալներն ալ իրենց հերթին` իրենց հիմնած Եկեղեցիներուն: Այսպէս` Ս. Յակոբ հիմնեց Երուսաղեմի Եկեղեցին, Ս. Պետրոս` Հռոմի Եկեղեցին, Ս. Մարկոս` Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցին, Ս. Պօղոս` յունական Եկեղեցին, իսկ Ս. Բարթողիմէոս եւ Թադէոս` Հայոց Եկեղեցին, ըստ մեր աւանդութեան: Առաքեալներէ հիմնուած այս Եկեղեցիներն ալ իրենց հրթին ուրիծ Եկեղեցիներ հիմնեցին, ինչպէս Հայ առաքելական Եկեղեցին հիմնեց Աղուանից Եկեղեցին:
Բայց Առաքելական Եկեղեցի ըլլալ`կը նշանակէ ո՛չ միայն առաքեալի մը կողմէ հիմնուած ըլլալ, այլ նաեւ առաքեալներուն վարդապետութեան ու աւանդութիւններուն շարունակութիւնը պահպա-նել:
4. Քրիստոսի Եկեղեցին սուրբ է: Ս. Հոգիին ներգործումով` Եկեղեցին թէ՛ ինք սուրբ եւ սրբութեան աղբիւր է, թէ՛ իր հաւատացեալները կը սրբացնէ Ս. Խորհուրդներով (Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարանք, Ս. Հաղորդութիւն, Հիւանդաց օծում, Կարգ Քահանայութիւն, Պսակ), իր քարոզներով ու խրատներով:

Եկեղեցիին երեք իշխանութիւնները

Ս. Եկեղեցին իր աստուածային Հիմնադրէն ժեառանգած է երեք իշխանութիւն. ուսուցանելու, Ս. Խորհուրդները մատակարարելու, հաւատացեալները առաջնորդելու կամ հովուելու: Եկեղեցիին մէջ սոյն երեք իշխանութիւնները ստացան առաքեալները, իսկ այժմ անոնց յաջորդ` եպիսկոպոսները: Անոնք պատասխանատուներն են Եկեղեցիին դաւանաբանական ուղղափառութեան: Անոնց կը մնայ վճռել, թէ նորելուկ վարդապետութիւններէն ո՞ր մէկը ուղիղ է, ո՞ր մէկը շեղած:
Քննարկենք այս երեք իշխանութիւնները:

Ուսուցանել- Քրիստոս իր վարդապետութեան աւանդը յանձնեց իր առաքեալներուն երբ անոնց յանձնարարեց որ ,երթան աւետարանեն ամբողջ տիեզերքըե, ուսուցանեն համայն մարդկութեանը: Առաքեալներն ալ այս աւանդը փոխանցեցին իրենց անմիջական յաջորդներուն, ապա եպիսկոպոսներուն:
Եկեղեցին իր այս ուսուցումը կը կատարէ նախ ընթացիկ միջոցներով, ինչպէս քարոզներով, մամուլով, հրատարակութիւններով, հաղորդամիջոցներով եւ հաւաքներով: Եկեղեցին ուսուցանելու իր իշխանութիւնը կը գործադրէ նաեւ բացառիկ ու հանդիսաւոր միջոցներով, այսինքն` հայրապետական կոնդակներով, ազգային ժողովներով, սիւնոդոսներով կամ տիեզերական համաժողովներով, որոնց ընթացքին առնուած որոշումները պարտադիր կը դառնան նոյն միութեան անդամ բոլոր Եկեղեցիներուն:
Խորհուրդները մատակարարել- Եկեղեցին ունի մարդուս հոգեւոր կեանքը սնուցող, անոր հոգին սրբացնող յատուկ միջոցներ, որոնք Ս. Հոգիին շնորհքներն են, որոնք հաւատացեալներուն կը մատակա-րարուին Ս. Խորհուրդներուն միջոցով: Անոնք եօթը հատ են. Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ս. Հաղորդութիւն, ապաշ-խարութիւն, Պսակ, Հիւանդաց օծում, Կարգ Քահանայութիւն: Այս եօթը սուրբ խորհուրդները կ’օգնեն քրիս-տոնեայ հաւատացեալին անոր կեանքին զանազան հանգրուաններուն` իր հաւատքը ապրելու, Քրիստոսի պատուիրանները գործադրելու, իր մանկութենէն մինչեւ մահ:
Այս Խորհուրդները մատակարարելու իշխանութիւնը վերապահուած է եկեղեցական կարգ ունեցողներուն կամ ձեռնադրուած անձերու, որոնք իրենց ձեռնադրութեան շնորհիւ` մասնակից կը դառնան Ս. Խորհուրդները մատակարարելու` առաքեալներծէն ժառանգած իշխանութեան:

(Քաղուած՝ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.