2013-12-28 11:00:27

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Սդրազպուրկի մէջ գումարուած Թէզէի Եւրոպայի երիտասարդներու 36-րդ հաւաքին։


Սդրազպուրկի մէջ համախմբուած Թէզէի Եւրոպայի երիտասարդներուն ուղղած պատգամին մէջ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը յայտնէ անոնց իր մօտիկութիւնը եւ միաժամանակ անոնց կը յիշեցնէ անցեալ տարուայ գեղեցիկ հանդիպումը Հռոմի մէջ։
Եւրոպայի երիտասարդները այս տարի հիւրընկալուած են Ալսածիա եւ Օրդենօ մարզերու մէջ, որ ժամանակին եղած են վայրը ընդհարումներու, այսօր այդ հողը դարձած է խորհրդանիշը յոյսի, քանի հոն ծնունդ առաւ Եւրոպայի մեծ ընտանիքը` միութիւնը։ Սրբազան Հայրը Թէզէի երիտասարդներուն այս տարուայ հանդիպումի վայրը կը նկատէ խորհրդանշական, քանի տեղի կ'ունենայ երկու տարբեր պետութիւններու մէջ` ֆրանսա եւ Գերմանիա։ Եւրոպան, կ'ընդգծէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամին մէջ, պէտք ունի ձեր յանձնառումին, քաջութեան ու հաւատքին յաղթահարելու ներկայ դժուարութիւնները։
Առաքելութիւնը որ ստանձնեցիք 2014-ին համար այն է ''տեսանելի հաղորդութեան իրականացումը Քրիստոսը սիրողներու միջեւ''։ Դուք, կը մատնանշէ Սրբազան Քահանայապետը, գիտակից էք որ քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումը կը ներկայացնէ մեծ արգելք մը իրականացնելու Քրիստոսի հրամանը` աշակերտել բոլոր ազգերը եւ մկրտել զանոնք Հօր, Որդւոյ եւ Ս. Հոգւոյն անունով։ Աւետարանի քարոզութիւնը աւելի հաւատալի կը դառնայ երբ քրիստոնեաները կարող պիտի ըլլան գերազանցել բաժանումները։
Եզրափակելով պատգամը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր օրհնութիւնը կու տայ երիտասարդներուն, անոնց ընկերացող հովիւներուն եւ զանոնք հիւրընկալողներուն, մաղթելով որ անոնց տուած վկայութիւնը, աւետարանական խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը, սփռուին իրենց ժամանանակիցներու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.