2013-12-28 10:51:57

Պէյրութի մէջ պայթումի մը զոհ կ՛երթայ նախկին նախարար մը


Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:35-ին ուժգին պայթում մը ցնցեց մայրաքաղաք Պէյրութը:
Կեդրոնական Պէյրութի Սթարքօ կեդրոնին մօտ պայթած ականուած ինքնաշարժ մը թիրախ դարձուց ելեւմուտքի նախկին նախարար եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական խորհրդատու Մոհամետ Շաթահը, որ կ՛ուղղուէր դէպի Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր տեղի պիտի ունենար Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու նիստ մը:
Շաթահի դիակը փոխադրուեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոց:
Շաթահի եւ անոր թիկնապահին` Թարեք Պատրի սպանութեան կողքին, ինկան նաեւ 5 այլ զոհեր, ինչպէս նաեւ 70 վիրաւորներ:
Պայթումին պատճառով զոհուեցաւ նաեւ Ուաթուաթի բնակիչներէն ճարտարապետ Գէորգ Անդրանիկ Թախթաճեան, որուն գրասենեակը կը գտնուէր Սթարքոյի կից:
1938-ին ծնած Գէորգ Անդրանիկ Թախթաճեանի դիակը փոխադրուեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոց:
Պայթումը պատճառեց նիւթական հսկայ աւեր, վնասուեցան 42 ինքնաշարժներ, 6 շէնքեր եւ 14 վաճառատուներ:
Ընդհանուր դատախազը փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտ եւ Զինուորական ատեանին մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր փութացին պայթումին վայրը: Դատախազներուն տեղեկութիւններուն համաձայն, ականուած ինքնաշարժը «Հոնտա Սի. Ար. Վի.» տիպի գողցուած ինքնաշարժ մըն էր, որ կը պարունակէր 50-60 քկ. պայթուցիկ նիւթ:
Պայթումին վայրը ուղղուեցան նաեւ քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաքները եւ բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը` անմիջապէս հետաքննութիւն բանալով այս անարգ ոճիրին առնչութեամբ:
Մոհամետ Շաթահի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 29 դեկտեմբերի կէսօրին, Կեդրոնական Պէյրութի «Մոհամետ Ամին» մզկիթին մէջ, իսկ անոր դիակը պիտի ամփոփուի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանին մօտ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց Պէյրութի պայթումը, որ թիրախ դարձուցած էր Մոհամետ Շաթահը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ նման բռնարարքներ լիբանանցիները պիտի մղեն իրենց երկրին ապահովութեան կառչած մնալու:







All the contents on this site are copyrighted ©.