2013-12-28 10:47:28

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում։ Է Կիրակի Յիսնակաց
Ղուկ 19, 11- 28


RealAudioMP3 11 Երբ անոնք կը լսէին այս բաները` առակ մըն ալ ըսաւ, քանի որ ինք Երուսաղէմի կը մօտենար եւ անոնք կը կարծէին թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը անմի՛ջապէս պիտի երեւնար:
12 Ուրեմն ըսաւ. «Ազնուական մարդ մը գնաց հեռաւոր երկիր մը` իրեն թագաւորութիւն ստանալու եւ վերադառնալու:
13 Իր տասը ծառաները կանչելով` տասը մնաս տուաւ անոնց, ու ըսաւ անոնց. “Շահարկեցէ՛ք` մինչեւ որ գամ”:
14 Անոր քաղաքացիները կ'ատէին զայն, եւ *պատուիրակութիւն մը ղրկեցին անոր ետեւէն` ըսելով. “Չենք ուզեր որ ասիկա թագաւորէ մեր վրայ”:
15 Բայց երբ ան վերադարձաւ` թագաւորութիւնը ստանալով, իրեն կանչեց այն ծառաները` որոնց դրամ տուեր էր, որպէսզի գիտնայ թէ ո՛վ ի՛նչպէս շահագործած էր:
16 Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, քու մնասդ` տասը մնաս վաստկեցաւ”:
17 Ան ալ ըսաւ անոր. “Ապրի՛ս, բարի՛ ծառայ. որովհետեւ ամենափոքր բանին մէջ հաւատարիմ եղար, տա՛սը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր”:
18 Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. “Տէ՛ր, քու մնասդ` հինգ մնաս բերաւ”:
19 Եւ ըսաւ անոր. “Դուն ալ հի՛նգ քաղաքի վրայ եղիր”:
20 Ուրիշ մը եկաւ ու ըսաւ. “Տէ՛ր, ահա՛ քու մնասդ` որ կը պահէի թաշկինակի մը մէջ ծրարած,
21 քանի որ կը վախնայի քեզմէ. որովհետեւ դուն խիստ մարդ մըն ես, կը վերցնես չդրած բանդ, եւ կը հնձես չսերմանածդ”:
22 Ան ալ ըսաւ անոր. “Բերանո՛վդ պիտի դատեմ քեզ, չա՛ր ծառայ: Գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, կը վերցնեմ չդրած բանս ու կը հնձեմ չսերմանածս.
23 ուրեմն ինչո՞ւ չտուիր իմ դրամս սեղանաւորներուն, որպէսզի եկած ատենս` տոկոսո՛վ *պահանջէի զայն”:
24 Քովը կայնողներուն ըսաւ. “Առէ՛ք ատկէ մնասը, եւ տուէ՛ք անոր` որ տասը մնաս ունի.
25 (Ըսին իրեն. "Տէ՛ր, ան տա՛սը մնաս ունի".)
26 որովհետեւ կը յայտարարեմ ձեզի թէ ամէն ունեցողի պիտի տրուի, ու չունեցողին` ունեցա՛ծն ալ պիտի առնուի իրմէ:
27 Բայց այդ թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց վրայ թագաւորեմ, բերէ՛ք հոս եւ մեռցուցէ՛ք իմ առջեւս”»:
28 Այս բաները խօսելէն ետք, յառաջ գնաց` որ բարձրանայ Երուսաղէմ:







All the contents on this site are copyrighted ©.