2013-12-28 10:47:23

Է. Կիրակի Յիսնակաց
Ղուկ. ԺԹ, 11-28


RealAudioMP3 «Կ՛ըսեմ ձեզի, ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն` ունեցածն ալ պիտի առնուի»
Այս հաստատումով Քրիստոսի բացարձակ արդարութիւնն է որ երեւան կու գայ: Արդարութիւնը կը պահանջէ, որ անոնք որոնք իրենց երկրաւոր կեանքի ընթացքին շատ չարչարուած ու շատ աշխատած են Աստուծոյ Արքայութեան համար, աւելիով ստանան, աւելիով վարձատրուին, աւելիով փառաւորուին: Այո՛ ունեցողին աւելիով պիտի տրուի: Աւելիով պիտի ստանան բոլոր անոնք որոնք ուրիշներէն աւելի յոգնած ու տքնած են Քրիստոսի թագաւորութեան համար:
Առանց Աստուծոյ շնորհքին եւ օգնութեան` մենք անկարող ենք յաւիտենական կեանքի համար արդիւնաւոր գործ մը կատարելու. «Առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել», ըսաւ Քրիստոս: Անոր համար Աստուած ոչ մէկուն չի զլանար իր օգնութիւնը տալու: Մէկու մը շատ կու տայ, ուրիշի մը նուազ, բայց որուն որ շատ կու տայ շատ պիտի պահանջէ, որուն որ քիչ կու տայ ի հարկէ քիչ պիտի պահանջէ. ամէնքս սակայն պարտական ենք համապատասխանելու Աստուծոյ շնորհքին եւ համագորակցելու, ինչպէս Աստուածային Վարդապետը կը հասկցնէ այսօրուան Աւետարանի մասներուն առակովը:
Ուշագրաւ է «չունեցող» բառին գործածութիւնը: Եթէ ան բան մը չունի` հապա ի՞նչ բան է որ կ՛առնուի իրմէ: «Չունեցող» կը կոչուի, ո՛չ թէ որովհետեւ չունի, այլ որովհետեւ իր ունեցածը կամ իրեն տրուածը չէ գործածած: Այս կը նշանակէ որ որոշ բան մը ունի, որ սակայն պիտի առնուի իրմէ որքան ալ պզտիկ բան ըլլայ իր ունեցածը: Ահա թէ ինչու Յիսուս կ՛ըսէ. « Պիտի առնուի (իրմէ) ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ»: Այո՛ մեղաւոր մարդուն ձեռքէն ամէնէն փոքր բաժինն ալ պիտի առնուի. ոչինչ պիտի մնայ իրեն, յոյսի ոչ մէկ նշոյլ, օգնութեան ո՛չ մէկ աղբիւր, մխիթարութեան ո՛չ մէկ խօսք, եւ կարօտ պիտի ըլլայ կաթիլ մը ջուրի, ինչպէս դժոխքին մէջ տանջուող մեծահարուստը կարօտ եղաւ:
Վայ անոր որ անհոգ է, եւ Աստուծոյ շնորհքը ի դերեւ կը հանէ, դատաստանի օրը խստիւ հաշիւ պիտի պահանջուի իրմէ: Անոնք որոնք պիտի օգտուին Աստուածային շնորհքէն` բարիք ընելու համար, իրենց վիճակի պարտականութիւնները կատարելու համար` գովասանքի եւ վարձատրութեան արժանի պիտի ըլլան, իսկ անոնք որոնք կ՛արհամարհէն Աստուծոյ շնորհքը եւ անկէ ոչ մէկ օգուտ կը քաղեն` պիտի պատժուին:
Ո՞վ կրնայ հաշուել այն բոլոր շնորհքները, հոգեւոր բարիքները, զորս Աստուած մեզի առատօրէն շռայլած է մեր գոյութեան առաջին րոպէէն մինչեւ այսօր:
Աստուած զանազան եղանակներով ջանացած է մեզ հրաւիրել բարիք ընելու, մեր պարտականութիւնները կատարելու, իր տասնաբանեայ պատուիրաններուն հաւատարիմ գտնուելու, սակայն մենք հետեւա՞ծ ենք միշտ անոր աստուածային ձայնին: Դժբախտաբար շատ յաճախ խուլ ձեւացած ենք անոր արդար յանդիմանութեան քան թէ գովասանքին:
Ջանանք ուրեմն այսուհետեւ համապատասխանել լիովին Աստուծոյ սիրոյն, շնորհքին, հաւատարամութեամբ կատարելով մեր քրիստոնէական պարտականութիւնները, որպէսզի դատաստանի օրը արժանի ըլլանք լսելու հաւատարիմ ծառաներուն խոստացած վճիռը. «Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, որովհետեւ քիչին մէջ հաւատարիմ եղար, շատին վրայ պիտի կարգեն քեզ. մտիր տիրոջդ ուրախութեան մէջ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.