2013-12-25 12:21:51

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրբ Ծննդեան աւանդական պատգամը եւ ''Urbi et Orbi'' առաքելական օրհնութիւնը։


Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբերին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ս. Ծննդեան տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, Ֆրանչիսկոս Պապը, Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղեց Սուրբ Ծննդեան աւանդական պատգամը եւ “Urbi et Orbi” առաքելական օրհնութիւնը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, որոնց Սրբազան Քահանայապետը յատուկ շնորհաւորական խօսք մը ուղղեց ըսելով ''ձեզի բոլորիդ որ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած էք, ու բոլոր անոնց որ լրատուամիջոցներու միջոցաւ մեր հետ կապուած են, կը փոխանցեմ իմ մաղթանքս` Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։ Այս օրը, որ լուսաւորուած է Աւետարանի յոյսով որ կու գայ Բեթղեհէմի աղքատիկ քարայրէն, բոլորիդ վրայ կը հայցեմ Ծննդեան ուրախութեան եւ խաղաղութեան պարգեւը։ Յիսուս, որ ծնաւ մեզի համար, մխիթարէ բոլոր անոնք որ հիւանդութեան ու տառապանքի մէջ կ՛ապրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.