2013-12-24 09:42:59

Յիսուսի ս. Ծննդեան ծիսակատարութիւնները Վատիկանի մէջ


Ինչպէս ամէն տարի, Քրիստոնէական աշխարհը մեծ շուքով կը տօնախմբէ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնը։ Աստուած որ կը մարդեղանայ եւ աշխարհ կու գայ մարդկութիւնը փրկելու համար։
Աստուծոյ` մարդկութեան հետ հանդիպում։
Սուրբ Ծնունդը եղած է միշտ ուրախութեան եւ յոյսի տօն։ ''Բարի Լուրը կամ Աւետիսը''` փրկութեան, յոյսի եւ խաղաղութեան աւետիսը։
Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին` 24 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեկոյեան ժամը 9,30-ին, ս. Պետրոս Պազիլիքայի մէջ, կը հանդիսապետէ ճրագալոյցի սուրբ Պատարագը։

Պատարագէն առաջ` յետմիջօրէին տեղի կ՛ ունենայ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կառուցուած հսկայական սուրբ մսուրի բացումը որ այս տարի նուիրուած է Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Թեմին կողմէ։

Յաջորդ օրը` 25 դեկտեմբերին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ս. Ծննդեան տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին կ՛ուղղէ Սուրբ Ծննդեան աւանդական պատգամը եւ “Urbi et Orbi” առաքելական օրհնութիւնը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

26 դեկտեմբերին` Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ։

Իսկ կիրակի 29 դեկտեմբերին Սրբազան Քահանայապետը ''լսատեսողական'' պատգամ մը պիտի ուղղէ Մատրիտի մէջ համախմբուած եւրոպայի ընտանիքներուն, որոնք 27 -29 դեկտեմբեր Մատրիտի մէջ կը նշեն Սուրբ Ընտանիքի օրը։

Մինչ 31 դեկտեմբերին, ժամը 17-ին, ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն աւարտին գոհաբանական աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, 2013-ին մարդկութեան շռայլած պարգեւներուն համար։ Աւանդութեան համաձայն այս ծիսակատարութեան աւարտին Քահանայապետը ս. Պետրոսի հրապարակը կ'ուղղուի այցելելու հոն զետեղուած մսուրը, որուն պաշտօնական բացումը կը կատարուի Յիսուսի Ծննդեան գիշերը։

Մէկ Յունուար 2014-ին, խաղաղութեան համաշխարհային օրն է, Սրբազան Հայրը, միշտ ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ ներկայութեամբ Վատիկանի մօտ հաւատարամգրուած դեսպաններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.