2013-12-24 11:10:16

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Թռչնոց Բոյն»-ի Մանուկներուն Հետ Դիմաւորեց Նոր Տարին


Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2013-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ այցելեց «Թռչնոց բոյն», ուր դիմաւորուեցաւ Գայեանեան քոյրերուն, տնօրէնութեան ու խնամակալութեան անդամներուն կողմէ: Ապա, վեհափառ հայրապետը աշակերտութեան հետ ժամանակ անցուց, լսեց անոնց Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան յատուկ երգերն ու արտասանութիւնները եւ անոնց նուէրներ բաժնեց:
Յայտնենք, «Թռչնոց բոյն»-ը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգածութիւնը եւ վեհափառ հայրապետին յատուկ խնամքը: «Թռչնոց բոյն»-ը սփիւռքի այն միակ հաստատութիւնն է, ուր անօգնական եւ աղքատ ընտանիքներու զաւակներ կը պատսպարուին, ուսում եւ կրթութիւն կը ստանան` ապագային բարենպաստ կեանքի պայմաններ ունենալու ի խնդիր:








All the contents on this site are copyrighted ©.