2013-12-23 14:24:50

Սահմանամերձ գիւղերու բազմաթիւ փոքրիկներ՝ ՀՀ Նախագահի նստավայրին Մէջ


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան նախագահի նստավայրին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, այսօր հիւրընկալած են սահմանամերձ բազմաթիւ գիւղերու` Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ, Վահան, Վայոց Ձորի մարզի Խնձորուտ, Բարձրունի, Խաչիկ, Սէրս, Արարատի մարզի` Երասխ, Տաւուշի մարզի Բարեկամաւան, Բերդաւան, Դովեղ, Բաղանիս գիւղերու` 200 փոքրիկ: Փոքրիկ հիւրերու ներկայութեամբ հանդիսաւորութեամբ վառուած են նստավայրի տօնածառին լոյսերը, եւ մեկնարկած է տօնական հանդէսը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Հանրապետութեան նախագահը իր եւ տիկին Ռիթա Սարգսեանի անունով ջերմօրէն շնորհաւորած է մասնակիցները` Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով եւ բարեմաղթանքներ յղած անոնց.
«Ցանկանում ենք ձեզ երջանկութիւն, յաջողութիւն, ցանկանում ենք, որպէսզի դուք, լինելով ձեր ծնողների սիրելի բալիկները, կարողանաք ձեր լաւ ուսմամբ, օրինակելի վարքով, ձեր ծնողների նկատմամբ մեծագոյն յարգանքով մշտապէս ուրախացնել նրանց: Ցանկանում եմ, որպէսզի դուք ունենաք երջանիկ մանկութիւն, որպէսզի դուք դառնաք մեր երկրի լաւ քաղաքացի, ակտիւ քաղաքացի, որպէսզի դուք կեանքում յաջողուած մարդիկ լինէք, իսկ դրա առաջին գրաւականը, սիրելի՛ երեխաներ, լաւ ուսումն է, աշխատասիրութիւնն է ու, ի հարկէ, յարգանքը ծնողների, մեծերի եւ երկրի նկատմամբ»,- ըսած է նախագահը: Սերժ Սարգսեան նշած է, որ միշտ ուզած է, որ բոլոր երեխաներն ու երիտասարդները ունենան իրենք զիրենք դրսեւորելու անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները եւ հաւաստիացուցած է, որ պետութեան կողմէ ամէն քայլ կ’առնուի եւ պիտի առնուի այդ հնարաւորութիւնները ստեղծելու համար:
Նախագահական նստավայրին մէջ տօնական ձեռնարկները երեխաներու համար պիտի շարունակուին նաեւ յետագայ երկու օրերուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.