2013-12-23 15:15:42

Հարաւաին Սուտանի մէջ բախումները կը շարունակուին


Հարաւային Սուտանի մէջ, ընդդիմադիրները կը շարունակեն իրենց բողոքները կառավարութեան դէմ։ Վերջերս գրաւած են նաֆթային նշանաւոր շրջաններ։
Միջազգային հանրութիւնը մօտէն կը հետեւի, Հարաւային Սուտանի մէջ կայացած
անցուդարձերուն։
Անցեալ շաբաթ, 21 դեկտեմբերին, մինչ՝ Ամերիկացի զինուորներ կ՛աշխատէին իրենց ազգակիցները դուրս հանել երկրէն, անոնցմէ չորսը վիրաւորուեցան։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, Քոնկրէսին նամակ ուղեց ըսելով, թէ ինք մօտէն կը հետեւի հարաւային Սուտանի կացութեան, եւ թէ մտադիր է` Ամերիկացի հպատակներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար բազմապատկել ամերիկացի զինեալներուն թիւը։ Օպամա հուսկ ՄԱԿ էն խնդրեց, որ քննիչներ ուղարկէ հսկողութեան տակ դնելու երկիրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.