2013-12-23 10:40:44

Թել Աւիւի մէկ փոխադրակառքին մէջ ական մը պայթեցաւ


Կիրակի, 22 դեկտեմբերին, Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւի մէկ արուարձանին մէջ փոխադրակառք մը ականահարուեցաւ:
Իսրայէլեան ոստիկանութեան բանբեր Միքի Ռոզընֆելտ յայտնեց, որ պայթումին պատճառով մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած եւ, ըստ դէպքին վայրին վրայ յայտնաբերումներուն եւ ականազերծման մասնագէտներուն, տեղի ունեցածը «ահաբեկչական յարձակում» մըն էր:
Ան ըսաւ, որ ականը յայտնաբերուած է փոխադրակառքին մէջ գտնուող պայուսակի մը մէջ եւ վարորդը փոխադրակառքին մէջ գտնուողներուն հրամայած է անմիջապէս վար իջնել, որմէ կարճ ժամանակ ետք ոստիկանութիւնը ժամանած է:
Յիշեցնենք, որ նոյեմբեր 2012-ին Թել Աւիւի մէջ ականի մը պայթումը աւելի քան 20 վիրաւոր պատճառած էր:
Համաս շարժումը երէկ ողջունեց Թել Աւիւի մէջ փոխադրակառքի ականահարման արարքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.