2013-12-23 10:40:25

Եռակողմանի հանդիպումը վերահաստատեց «Ժընեւ-2»-ի թուականը


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի միջեւ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումէն բխած գլխաւոր գործնական արդիւնքը 22 յունուար 2014-ին նախատեսուած Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի թուականի վերահաստատումն է:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ թուականի վերահաստատումը ցոյց կու տայ, որ երկիրներու մեծամասնութիւնը գիտակցած է, որ սուրիական տագնապի քաղաքական-դիւանագիտական լուծումը այլընտրանք չունի, բան մը, որ Ռուսիա սկիզբէն ի վեր կը յայտարարէր: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին կեդրոնացած են այն հարցին վրայ, որ քաղաքական հոլովոյթը պէտք է օժանդակէ ահաբեկչական սպառնալիքին դէմ պայքարելու համար բոլոր սուրիացիներուն ջանքերու միացման:
Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ Ռուսիոյ եւ ՄԱԿ-ի կարծիքով, Իրան պէտք է «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին հրաւիրուի







All the contents on this site are copyrighted ©.