2013-12-23 13:01:03

Եկեղեցական Գիտելիքներ
6-րդ Շաբաթ Յիսնակաց (22- 29 Դեկտեմբեր 2013)


RealAudioMP3 Յիսնակաց Զ. Կիրակին կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանի ԺԸ. գլուխէն 9 էն 14-րդ համարները ուր Յիսուս կը խօսի խոնարհութեան մասին. Այս շաբաթը խոնարհութեան շաբաթն է որով Յիսուս կ՛ուզէ մեզի սորվեցնել թէ Աստուած կը նախընտրէ խոնարհ սրտերը եւ անոնց կու տայ առատօրէն իր շնորհքները, իսկ ամբարտաւաններուն` կը զլանայ իր շնորհքը եւ անոնք երբեք կարող չեն հաճելի ըլլալու իրեն։ Փաստ փարիսեցիին եւ մաքսաւորին պատմութիւնը, ուր յստակօրէն կ՛երեւի թէ որուն կ՛երթայ Քրիստոսի նախընտրութիւնը։ Ան աւելի կը գնահատէ մեղքերով լի մաքսաւորին խոնարհ աղօթքը քան թէ օրէնքի պաշտպան ու բծախնդիր կերպով գործադրող, ամէնուն բարի օրինակ տուող փարիսեցիին ինքնաքով եւ ամբարտաւան աղօթքը։ Նոր վարդապետութիւն մըն է Քրիստոսինը, որ իբրեւ օրինակ կը դնէ մեր առջեւ ընկերութենէն արհամարհուած` բայց Տիրոջմէ սիրուած ու գնահատուած անձեր, իրենց պարզ ու խոնարհ ընթացքին համար, տալով փարիսեցիի ու մաքսաւորին առակը.... Ով որ ինքզինք կը բարձրացնէ ( կ՝ըսէ Յիսուս) պիտի խոնարհի, եւ ով որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ պիտի բարձրանայ։։
Երկուշաբթի 23 Դեկտեմբերին` հայ տօնացոյցի համաձայն տօնն է Սրբոց Աբրահամու, Խորենայ, անարծաթ բժշկացն Կոզմայի եւ Դամիանոսի։ նաեւ Սրբոյն Յիզտբուզտի՝ այսինքն Աստուածատուր վկային։
Երեքշաբթի 24 Դեկտեմբերին` Ծննդեան Ճրագալոյցն է. Այդ օրը կը կարդացուին նախապէս Եսայիի եւ Միքիայի մարգարէութիւնները որոնք Յիսուսի Ծննդեան կը հային, որմէ ետք` տեղի կ՛ունենայ Ճրագալոյցի հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը
Չորեքշաբթի 25 Դեկտեմբերին` տօնն է Քրիստոսի Ծննդեան Բեթղեհէմի քարայրին մէջ. Եկեղեցիներու մէջ սովորութիւն կայ մսուրներ շինել եւ արձանիկներով զարդարել, յիշատակելու համար Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը։
Արեւելեան Եկեղեցիները` Հայերը, Ասորիները եւ Ղպտիները, սովորութիւն ունին Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը տօնելու 6 Յունուարին։ Այս աւանդութիւնը անշուշտ աւելի հին է քան 25 դեկտեմբերին ծնունդը տօնելու սովորութիւնը, որ յետագային ներմուծուած է Յունա-Հռովմէական իշխանութիւններու կողմէ` որոնք Դ. դարուն վերջն է միայն որ այս որոշումն առին, արեւու ծննդեան հեթանոսական ժողովրդականացած տօնը վերջնականապէս ջնջելու համար ժողովուրդի յիշատակէն, զայն փոխարինելով Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօնով։
Հինգշաբթի 26 Դեկտեմբերին` Տօնն է Սուրբ Ստեփանոս նախավկային. Ան առաջինը հանդիսացաւ որ Քրիստոսի համար իր կեանքը զոհեց եւ մեռաւ քարկոծուելով Հրեաներու կողմէ, երբ կը քարոզէր Աւետարանը։
Հայերու մօտ` Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնը 25-ին է։
Շաբաթ 28 Դեկտեմբերին` կը տօնենք երկու գլխաւոր առաքեալները, Պետրոս եւ Պօղոս։ Պետրոս կը կոչուէր Սիմոն եւ Յիսուս զինք անուանեց Պետրոս, որ կը նշանակէ ժայռ, որով իր հաւատքին վրայ հիմնեց իր Սուրբ Եկեղեցին։
Իսկ Պօղոս դարձի եկաւ երբ կը հալածէր քրիստոնեաները, Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Ան հանդիսացաւ այն առաքեալը որ Քրիստոսի պատգամը տարածեց ամբողջ աշխարհին վրայ։
Պետրոս եւ Պօղոս նկատուած են որպէս գլխաւորները Քրիստոսի առաքեալներուն։ Անոնք եկան Հռոմ եւ երկուքն ալ նահատակուեցան սոյն քաղաքին մէջ։ Պետրոսի գերեզմանը կը գտնուի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագ խորանին ներքեւ, իսկ Ս. Պօղոս, որ գլախատուած էր Հռոմէն դուրս, թաղուած է Սուրբ Պողօսի Պազիլիքայի խորանին ներքեւ։
Կիրակի 29 Դեկտեմբեր (2013ի՝ վերջին կիրակին) Յիսնակաց Է. Կիրակին է։







All the contents on this site are copyrighted ©.