2013-12-22 12:30:00

''Յիսուս Մանուկը միշտ ձեր մօտն է ու ձեր հետ յատուկ կապ մը ունի'' ըսաւ Քահանայապետը ''Պամպին Ճեզու'' հիւանդանոցի մանուկներուն։


Շաբաթ, 21 դեկտեմբեր յետմիջօրէին, Սուրբ Աթոռի ''Պամպին Ճեզու'' հիւանդանոցին կատարած այցելութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուզեց հանդիպիլ հիւանդանոցի գրեթէ բոլոր բաժանմունքներու մանուկներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։
Պաշտօնական ճառին տեղ Ան նախընտրեց մի քանի նախադասութիւններ արտասանել աւելի ժամանակ տրամադրելով հայրական ջերմ գուրգուրանքին ու սիրոյ հանդէպ տառապեալներուն։
Իր ներկայութիւնը` խօսքերէ աւելի, եղաւ շարժուձեւերու աւետարանական ողջ վկայութիւն մը եւ յոյսի ներշնչում շատերուն։
Սուրբ Ծնունդէն երեք օր առաջ` Բեթղեհէմի քարայրը փոխադրուեցաւ հիւանդասենեակներուն մէջ եւ մահիճներու ճերմակ սաւանները եղան խանձարուրներ որ կը պատէին Յիսուսի փոքրիկ մարմինը։
Ֆրանչիսկոս պապը իր նախորդներուն նման այցելեց հիւանդանոցը նախընտրեց սակայն, 2 ժամ 45 վայրկեան տեւած այցելութեան ընթացքին, փոխան պաշտօնական խօսքերուն ու '' բրոդոքոլին'', բոլորին տանիլ Յիսուսի պատգամն ու ժպիտը որ կը սփոփէ տառապեալ սրտերը, կը դարմանէ վէրքերը ու գիտէ սրբել արցունքոտ աչքերը։
Խօսքը ուղղելով մանուկներուն Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ ''Յիսուս Մանուկը միշտ ձեր մօտն է ու ձեր հետ յատուկ կապ մը ունի'', ակնարկելով ապա մանուկներու կողմէ թղթիկներու վրայ իրեն նուիրուած '' մտորումներուն'' ըսաւ ''շնորհակալ եմ ձեր այս երազներուն համար եւ ձեր աղօթքներուն։ Միասնաբար զանոնք նուիրենք Յիսուսին, Ան բոլորէն աւելի կը ճանչնայ այն ինչ որ մեր սրտերուն խորը կը գտնուի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.