2013-12-21 09:51:41

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը ''Պամպինօ Ճեզու - Մանուկ Յիսուս'' կոչուած` մանուկներու հիւանդանոցին։


Շաբաթ 21 դեկտեմբեր, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, յետմիջօրէի ժամը 4ին, այցելութիւն կը կատարէ Ս. Աթոռին պատկանող` ''Մանուկ Յիսուս'' կոչուած հիւանդանոցին։
Հիւանդանոցը իր տեսակին մէջ Եւրոպայի մեծագոյն բազմաբուժարանը նկատուած է։Հոն կը գործեն 2600 բժիշկներ, հիւանդապահ - հիւանդապահուհիներ եւ գիտաշխատողներ։
Բազմաբուժարանը ամէն տարի կը խնամէ աւելի քան մէկ միլիոն մանուկ, որոնցմէ 25 հազարը կ'ենաթարկուի վիրաբուժական գործողութիւններու։ Բազմաբուժարանը ունի 607 անկողին։
Պամպին Ճեզու հիւանդանոցը, որ ընտանիքներէն ճանչցուած է որպէս ''Քահանայապետի հիւանդանոց'', լոյս տեսաւ 1869ին որպէս Իտալական մանկաբուժարան։ 1924-ին Արապելլա եւ Շիբիոնէ դուքսերը շէնքը շնորհեցին Ս. Աթոռին։
Այս առաջին անգամը չէ որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիպի հիւանդ մանուկներուն։
Արդարեւ Ան` 31 մայիսին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ հանդիպած էր` ''Ճեմելլի'' հիւանդանոցի մէջ խնամուած 22 ծանր հիւանդ մանուկներուն ու այդ առթիւ ունեցած զրոյցի ընթացքին հաստատած էր թէ ''Յիսուս ամենէ շատ կը սիրէ մանուկները''։ Ան ապա 4 հոկտեմբերին Ասսիզի կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին, այցելելով ''Սէրաֆիքօ'' հաստատութիւնը, առաջին ճառը արտասանեց մանուկներուն, որուն ընթացքին ըսաւ` ''Յիսուս պահուըտած է այս մանուկներուն մէջ, Խորանին վրայ կը պաշտենք Յիսուսի Մարմինը, այս մանուկներուն մէջ կը տեսնենք Յիսուսի վէրքէրը որ կարիք ունին մեր ուշադրութեան...''։
27 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ հանդիպեցաւ ''Rett'' կոչուած ախտէ տառապող մանուկներուն։ Ապա 30 նոյեմբերին Քոնչիսթորօ սրահին մէջ Ան հանդիպեցաւ արեան խլիրդի հիւանդ մանուկներուն եւ ի վերջոյ մի քանի օրեր առաջ, 14 դեկտեմբերին, Քահանայապետը այցելեց Վատիկանի Սանթա Մարթա մանկաբուժարանը ուր եւ նաեւ տօնեց իր ծննդեան տարեդարձը։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Պամպինօ Ճեզու հիւանդանոցին կատարած այցելութիւնը, Քահանայապետներու աւանդութիւն մըն է` որ սկիզբ առած է Յիսուսի ս. Ծննունդին օրը 1958-ին Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի կամքով։
Ֆրանչիսկոս Պապը Պամպինօ Ճեզու հիւանդանոցը կը ժամանէ 4-ին ու ապա յաջորդաբար կ՛այցելէ բազմաբուժարանին մատուռը եւ հիւանդանոցի զանազան բաժինները հանդիպելով մանուկներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու ապա ժամը 7-ին կը վերադառնայ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.