2013-12-21 09:03:22

Սփիւռքի դպրոցներուն տրամադրուած է 62 000 օրինակ դասագիրք, ուսումնական եւ օժանդակ նիւթեր։


2013 թուականի ընթացքին 30 երկիրներու մէջ գործող Սփիւռքի դպրոցներուն ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը տրամադրած է 62 000 օրինակ դասագիրք, այլ ուսումնական եւ օժանդակ նիւթեր: Այս մասին կը հաղորդէ panorama.am-ը՝ վկայակոչելով ԿԳ նախարարութեան 2013-ի հաշուետուութիւնը:
Բացի գիրքերէն, spyurq.dasagirq.am կայքին մէջ տեղադրուած են նոր մեթոդական նիւթեր, սենարներ, բաց դասեր, ինչպէս նաեւ ԿԳՆ-ի կողմէ երաշխաւորուած են Սփիւռքի մէջ ստեղծուած 2 ուսումնական ձեռնարկներ:
Տարուան ընթացքին վերապատրաստուած են 26 ուսուցիչներ 14 երկիրներէ: Արձանագրուած է դիմորդներու 660 դիմում 18 երկիրներէ: Սուրիահայ դիմորդներուն հոսքը կը շարունակուի:
Համահայկական Հայագիտական 6-րդ ոլոմպիականին մասնակցած է 146 հոգի 8 երկիրներէ: Համահայկական մանկապատանեկան ձեռնարկներու շարքին կազմակերպուած եւ իրականացուած է «Հայկական լեռնաշխարհէն ծնած ոգին» խորագիրով նկարչական մրցոյթ-փառատօն, որուն ծիրէն ներս ներկայացուած են շուրջ 2000 նկարներ 18 երկիրներէ:
Նշենք, որ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը պետական պիւտճէի միջոցներու հաշուին Ջաւախքի դպրոցներուն յատկացուցած է դպրոցական գոյք` շուրջ 600 սեղան եւ 900 աթոռ, եւ 14.700 օրինակ ուսումնական գրականութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.