2013-12-21 08:59:28

«Արեւմուտքը սկսաւ ընդունիլ, որ «Ասատի վտանգ»-ը Իսլամականներու վտանգէն նուազ Է» ըսաւ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Արեւմուտքը սկսաւ ընդունիլ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վտանգը նուազ է, քան Սուրիոյ մէջ իսլամականներուն վտանգը»:
Լաւրով ըսաւ, որ «Ասատ Ռուսիայէն չպահանջեց պաշտօնը լքելու պարագային իր ապահովութիւնը երաշխաւորել»:
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ սուրիական իշխանութիւնները յայտարարած են, որ ոչ ոք կրնայ խանգարել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` իր թեկնածութիւնը առաջադրելու յաջորդ տարի տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտարարեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի խառնուելու Սուրիոյ ներքին քաղաքականութեան: Ան նաեւ նշած է, որ ըստ իրեն, նախագահ Ասատ պէտք է անպայման նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրէ:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ ղեկավարին պէտք է ընտրէ ընտրական յանձնախումբը` աւելցնելով, որ Ասատ կ՛ապահովէ սուրիացիներու ձայներուն մեծամասնութիւնը, իսկ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին կը վստահի Ֆրանսայի բնակչութեան միայն 15 առ հարիւրը:
Ընդդիմադիր Սուրիական ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ քիւրտերը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին երկու պատուիրակութեամբ. առաջինը` ընդդիմութեան շարքերուն, իսկ երկրորդը` վարչակազմին»:
Սուրիական ազատ բանակի եւ յեղափոխական շարժումի ուժերու միացեալ հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիական ազատ բանակի սպայակոյտը եւ Ազգային համաձայնական մարմինը ապօրինի կազմակերպութիւններ են, յեղափոխական ու ազգային միջավայրէն դուրս են եւ ազգային օրակարգը չեն ներկայացներ:
Հրամանատարութիւնը հրամայեց Սուրիական ազատ բանակի սպայակոյտի պետ Սալիմ Իտրիսը, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Ուքապ Սաքըրն ու անոր օգնական Լուայ Մըքտատը ձերբակալել անմիջապէս որ Սուրիոյ հողամասեր մուտք գործեն: Հրամանատարութիւնը Սաքըրը ամբաստանեց Հըզպալլայի ապահովական մարմինին հետ կապ ունենալու յանցանքով:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 127 թեր քուէներով որդեգրեց սէուտական բանաձեւ մը, որ մտահոգութիւն կը յայտնէր Սուրիոյ մէջ ծայրայեղական խմբաւորումներուն եւ Հըզպալլայի` տագնապին մասնակցութեան առնչութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.