2013-12-21 09:08:09

2.9 միլիոն տոլար կը հաւաքուի Հայաստանի մանուկներուն համար։


Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի տարեկան 10րդ ձեռնարկը, որ նաեւ կազմակերպութեան ամենաարդիւնաբեր ձեռնարկը եղած է: Արդարեւ, ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել 2.9 միլիոնի հասնող նուիրատուութիւններ, որոնց շնորհիւ Հայաստանի գիւղերուն մէջ կազմակերպութեան բարեսիրական աշխատանքները կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը:
Դոկտ. Կարօ Արմէնի գլխաւորած սոյն կազմակերպութեան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին ներկաները վայելած են Հայաստանէն ժամանած երեխաներու՝ Սուսաննա Էլոյեանի, Փօլինա Շարաֆեանի ու Նարեկ Պալտրեանի կատարումները: Գեղարուեսական յայտագիրին մասնակցած են նաեւ «So You Think You Can Dance» ծրագիրին միջոցաւ հռչակ շահած պարող Փօլ Կարմիրեանն ու Ալիս Դաւթեանը: Ելոյթներ ունեցած են նաեւ վիպագիր Քրիս Պոհճալեան եւ կազմակերպութեան համար կամաւոր աշխատանք տանող Սամանթա Ֆէյնպըրկ, իսկ ներկաներու շարքին եղած են դերասանուհին Քերի Պաթլըր, դերասան Վիքթըր Կարպըր (կազմակերպութեան պատուոյ նախագահը) ու «Սաթըպիզ» աճուրդի հիմնարկի փոխնախագահ Այլին Յակոբեան, իսկ հանդիսավար եղած է դերասանուհի Էնտրիա Մարթին:
Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամը (նախապէս՝ «Սի.Օ. Էյ.Էֆ. մանուկներու բարեգործական հիմնադրամ») բարեգործական կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է կրճատել Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ աղքատութեան մակարդակը՝ համայնքային զարգացման շարք մը ծրագիրներու միջոցով: Հիմնադրամին կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներէն ցարդ օգտուած են Հայաստանի Արմաւիր եւ Արագածոտն մարզերու Բաղրամեան եւ Թալին շրջաններու 12 գիւղական համայնքներու աւելի քան 30,000 բնակիչներ: Կազմակերպութեան նպատակն է յառաջիկայ տասը տարիներուն օժանդակութիւն հասցնել 100 գիւղերու բնակիչներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.