2013-12-20 11:36:09

Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւնը Քիեւը փրկած է սնանկացումէ. Ազարով


ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Պատասխանելով կառավարութեան քննադատներուն՝ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18ին յայտարարած է, որ Ուքրանիա պիտի սնանկանար, եթէ այս շաբթուան ընթացքին Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն կարելի չըլլար կնքել: Մոսկուա համաձայնած էր 15 միլիառ տոլարի վարկ ու աժան գինով կազ տրամադրել Ուքրանիոյ:
Վարչապետը միաժամանակ յայտնած է, թէ կառավարութիւնը, Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ընդարձակման շուրջ աշխատանքներու ծիրին մէջ, կը պատրաստուի հինգ համաձայնագիր ստորագրելու:
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայըր «գայթակղութիւն» որակած է Ուքրանիոյ հարցով Ռուսիոյ միջամտութիւնը, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է. «Իր ազգային շահերուն հարցով Քիեւի վրայ ճնշում բանեցնելու անամօթ փորձերը կը զարմացնեն մեզ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.