2013-12-20 12:29:24

Կարտինալ Քիւրդ Գոխի այցելութիւնը Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ Պատրիարքին։
''Օրթոտոքս եկեղեցւոյ պետը մեծ ակնկալիքներ ունի ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն''։


Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը ընդունելով Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Քիւրդ Քոխ, յայտնած է որ մեծ յոյսեր դրած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին վրայ, քանի ''անոր բանաձեւած բազմաթիւ կեցուածքներն ու առաջարկները կը համապատասխանեն մեր տեսութեան, յատկապէս անոնք որ կը հային Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հալածանքին եւ Ընտանիքի մարտահրաւէրին ։

Պատրիքրը կը խորհի որ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը էական է ներկայ ժամանակներուն։
Հինգ օրուայ կեցութեան ընթացքին Կարտինալ Քոխ հանդիպում ունեցաւ Դաշնակցային Ռուսիոյ փոխ արտգործ նախարար` Մեշխովին հետ։
Յայտնենք որ Անցեալ ամիս Վատիկանէն երեք բարձրաստիճան եկեղեցականներ այցելութիւն կատարեցին Դաշնակցային Ռուսիոյ. կարտինալ Փուփառ` քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի վաստակաւոր նախագահը, Կարտինալ Սքոլա` առաջնորդը Միլանոյի թեմին եւ գերապայծառ Բալիա` նախագահը ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.