2013-12-20 12:42:14

Անհրաժեշտ է Լիբանան հաստատուած Սուրիահայ ընտանիքներու կարիքներուն յատուկ ուշադրութիւն ընծայել. Արամ Ա. Կաթողիկոս


Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը: Տնօրէնը լայն տեղեկութիւններ տուաւ վեհափառ հայրապետին հիմնարկութեան ներկայ գործունէութեան մասին, յատկապէս շեշտելով սուրիահայ ընտանիքներու գծով կատարուած ծառայութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Տնօրէնին տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանան հաստատուած 1350 սուրիահայ ընտանիքներ արձանագրուած են իրենց մօտ, եւ «Գարակէօզեան» հիմնարկութիւնը կը փորձէ զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսանալ անոնց:
Վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք տրուած զեկուցումը, իր գնահատանքը յայտնեց «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան եւ նաեւ այն բոլոր բարեսիրական կառոյցներուն, որոնք իրենց կարելին կը կատարեն օժանդակելու սուրիահայ մեր զաւակներուն:
«Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օժանդակութիւնը պէտք է մեր ազգին համար դառնայ առաջնահերթութիւն` ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ մեր բոլոր գաղութներուն մէջ: Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին հսկայ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի սուրիահայութիւնը. հետեւաբար, վերանորոգ թափով պէտք է շարունակել մեր օժանդակութիւնը սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն»,- շեշտեց վեհափառ հայրապետը:







All the contents on this site are copyrighted ©.