2013-12-20 12:17:08

Աղօթքի ձեռնարկ առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ Եպիսկոպոսական արտակարգ Սիւնհոդոսին։


''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան լոյսին տակ'' խորագորվ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ յառաջիկայ 2014-ին գումարուած` եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսի առ ի պատրաստութիւն, կիրակի 22 դեկտեմբերին, Պարչելլոնայի ''Սակրատա Ֆամիլիա'' պազիլիքայի մէջ, Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Վինչէնցօ Բալիա, պիտի նախագահէ սուրբ պատարագի զոհին, մատուցուած` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի դիտաւորութեան, ապա յաջորդ կիրակի, 29 դեկտեմբերին, Սուրբ Ընտանիքի տօնին առթիւ, Նազարէթի Աւետման Պազիլիքային մէջ, Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսսէրի, իր կարգին պատարագ պիտի մատուցէ, միշտ վերոյիշեալ սիւնհոդոսի դիտաւորութեան։ Նոյն օրը պատարագ պիտի մատուցուի նաեւ` Իտալիոյ Լորէթոյի սրբավայրին մէջ, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը, կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, ընտանիքի նուիրուած իր յօրինած մէկ յատուկ աղօթքը պիտի արտասանէ, որուն պիտի հետեւին նաեւ Նազարէթի եւ Լորէթոյի սրբավայրերուն մէջ համախմաբուած հաւատացեալները, հեռուստատեսիլի միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.