2013-12-20 11:39:07

''Inter Mirifica'' սքանչելիքներու աշխարհ, Վատիկանեան Բ
Տիեզերական ժողովի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու մասին վաւերաթուղթին 50-րդ տարեդարձը։


''Մամուլը, կինոն, ձայնասփիւռը եւ հեռուստատեսիլը մաս կը կազմեն այն սքանչելիքներու աշխարհին, որ առիթ կ'ընծայէ անհատին, տեղեակ մնալու եւ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու հանրային կարծիքի ու մարդկութեան հետ'' կը գրէ ''Inter Mirifica' սքանչելիքներու աշխարհ, Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու վաւերաթուղթը, որ լոյս տեսած է 1963-ին, Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ սիւնհոդոսական հայրերու վաւերացումով։
Inter Mirifica' սքանչելիքներու աշխարհ, վաւերաթուղթին 50-րդ տարեդարձին առթիւ Ընկերային Հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդը հրապարակած է զանազան լեզուներով յատուկ կայք մը (http://www.Inter Mirifica50.va) ամէն անհատին առիթ ընծայելու մօտէն ճանչնալ ''Inter Mirifica'' վատիկանեան վաւերաթուղթը եւ ընկերային հաղորդակցութեանց վերաբերող գրութիւններն ու տեսաերիզները։








All the contents on this site are copyrighted ©.