2013-12-19 10:01:22

Դեկտեմբերին Ժընեւի Մէջ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ Հանդիպում


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուինտի Շըրմըն պիտի գլխաւորէ պատուիրակութիւն մը` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի միջեւ 20 դեկտեմբերին Սուրիոյ շուրջ տեղի ունենալիք քննարկումներուն մասնակցելու համար:
Հարֆ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը յուսայ յառաջիկայ քննարկումներուն ընթացքին «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի գումարման հարցով յառաջդիմութիւն արձանագրել` աւելցնելով, որ ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին բազմաթիւ հարցեր, ներառեալ` սուրիական կառավարական եւ ընդդիմադիր պատուիրակութեանց կազմերու հարցը:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի բանբեր Խաուլա Մաթար լիբանանեան «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ի առաջին նիստը պիտի գումարուի 22 յունուար 2014-ին, Զուիցերիոյ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ, ապա նիստը պիտի շարունակուի Ժընեւի մէջ: Ըստ Մաթարի, ժողովին պիտի մասնակցին նաեւ Սուրիոյ դրացիներ Լիբանանը, Թուրքիան, Յորդանանը եւ Իրաքը, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներ:
Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ նշեց, որ «Իսլամական ճակատ»-ը առանց պատճառաբանութեան մերժած է ամերիկեան կողմին հետ ժողով գումարել: Ան նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նկատմամբ կեցուածքը չէ փոխուած. ան իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է եւ Ժընեւէն բխելիք իշխող մարմինին մէջ դեր պիտի չունենայ: Դեսպանը հերքեց, թէ ապագայ Սուրիոյ մէջ բանակի եւ ապահովական մարմիններու ղեկավարութիւնը ալեւիներուն յանձնելու շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան` շեշտելով, որ «Սուրիոյ վարչակարգին հետ հաղորդակցութիւն չկայ»:
Սակայն սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը արեւմտեան պետութիւններէն ստացած է պատգամ մը, ըստ որուն, «Ժընեւ-2»-ի բանակցութիւնները իշխանութենէն Ասատի հեռացման կրնան չառաջնորդել: Աղբիւրները նշեցին, որ սոյն պատգամը մարմինի ղեկավար անդամներու փոխանցուած է անցեալ շաբաթ` Լոնտոնի մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովին ընթացքին:
Սուրիական ազատ բանակէն բարձրաստիճան աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիական ազատ բանակին տրամադրուող զինուորական օժանդակութիւններու մատակարարումը ամիսներէ ի վեր դադրած է:
Ռուս պաշտօնատար մը ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ռուսիա պատրաստ է Սուրիոյ քիմիական զէնքի ոչնչացման գործողութեան ընթացքին Լաթաքիոյ նաւահանգիստը եւ Սուրիոյ շրջանային ջուրերու անվտանգութիւնը ապահովելու:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` վկայակոչելով Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Վասիլի Թիթուշքինի յայտարարութիւնները, հաղորդեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքի առաւել վտանգաւոր բաղադրիչ մասերու ոչնչացումը պիտի կատարուի ամերիկեան նաւի մը վրայ: «Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդը սուրիական քիմիական զէնքի ոչնչացման յաջորդ փուլին մասին որոշում տուած է: Սուրիոյ Լաթաքիա նաւահանգիստին մէջ քիմիական զէնքի առաւել վտանգաւոր բաղադրիչ մասերը պիտի բեռցնեն Դանիոյ եւ Նորվեկիոյ նաւերը, որմէ ետք Իտալիոյ նաւահանգիստներէն մէկուն մէջ անոնք պիտի բեռցուին ամերիկեան յատուկ նաւի վրայ, ուր ալ տեղի պիտի ունենայ ոչնչացման հոլովոյթը», ըսած է Թիթուշքին:









All the contents on this site are copyrighted ©.