Ֆրանսայի նախագահութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ընդունած
է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեանց համակարգումի խորհուրդի ներկայացուցիչներ Մուրատ
Փափազեանը, Արա Թորանեանը եւ Ալեքսիս Կէօվճեանը: Նախագահը գնահատած է մշակոյթի եւ
հայկական յիշողութեան պահպանման ի նպաստ խորհուրդին տարած աշխատանքը: Խորհուրդի ներկայացուցիչները
իրենց կարգին ներկայացուցած են ազգային յիշողութեան կեդրոն մը ստեղծելու իրենց ծրագիրը,
որուն իր զօրակցութիւնը յայտնած է նախագահը: Խորհուրդի ներկայացուցիչները նաեւ արծարծած
են 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման նախապատրաստական աշխատանքները: Հոլլանտ
ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հաստատած է, որ մայիս 2014-ին պիտի այցելէ Հայաստան`
ընդառաջելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին: