2013-12-18 12:42:47

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը ` ''Սուրբ Ծնունդը''։


Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր, առաւօտեան` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Նորին Սրբութիւնը օրուան խորհրդածութիւնը յատկացուց` Սուրբ Ծննդեան Տօնին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր -ըսաւ Ան- այսօրուայ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Յիսնակացի հոգեւոր` եւ Սուրբ Ծննդեան իննօրեայի մթնոլորտի մէջ որ մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի Սուրբ Ծննդեան Տօնը։ Ասոր համար կ՛ուզեմ խորհրդածութիւնս կեդրոնացնել Յիսուս Ծննդեան տօնին վրայ` յոյսի եւ վստահութեան տօնը, որ կը յաղթահարէ յոռետեսութիւնն ու անվստահութիւնը։
Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց թէ մեր յոյսի պատճառը հետեւեալն է` ''Աստուած մեր հետն է ու մեզի կը վստահի։ Աստուած կու գայ բնակելու մարդոց միջեւ, երկիրը կ՛ընտրէ որպէս բնակավայր, մարդուն հետ ապրելու համար եւ ըլլալու անոր մօտիկ` ուրախութեան եւ տառապանքի պահերուն''։
''Երկիրը այլեւս ''արցունքի հովիտ'' չի համարուիր այլ կը դառնայ վայրը ուր Աստուած իր վրանը լարեց, վայրը ուր Անոր հետ կը հանդիպինք''։

Սստուած ուզեց մեր մարդկային իրավիճակը որդեգերլ, Ան ուզեց մեր պատմութիւնը բաժնեկցիլ այնպէս ինչպէս որ է, անոր սահմանափակուած ծանրութեամբ եւ ողբերգութիւններով։ Այսպէսով ցոյց տուաւ իր անհուն սէրն ու ողորմութիւնը մարդ արարածի հանդէպ։ Աստուած մեր հետն է սկիզբէն ի վեր ու մինչեւ վերջ։ Յիսուսի ծնունդով Աստուած մէկ անգամ ընդ միշտ որոշեց մարդու կողքին կենալ` մեզ փրկելու ու մեր խեղճութիւններէն, մեր դժուարութիւններէն ու մեր մեղքէրէն ազատելու։
Բեթղեհէմի Մանուկը մեր սրտերուն ջերմութիւն կը պարգեւէ ու զանոնք կը բարեփոխէ, յոյս ներշնչելով ։
Սուրբ Ծնունդին օրը Աստուած կը խոնարհի եւ մօտիկ կ՛ըլլայ փոքրիկներուն եւ աղքատներուն ու մեզ կը հրաւիրէ իրեն նմանելու։
Այսուհետեւ ինչ որ կ՛ընենք մեր մերձաւորին, Յիսուսին է որ կը կատարենք։
Թող Յիսուսի Մայրը ու մեր Մայրը` Մարիամ օգնէ մեզ, որպէսզի մեկուսացածներու մէջ տեսնենք Աստուծոյ Որդւոյն դիմագիծը որ մարդեղացաւ։ Թող մեզ օգնէ մեր այն առաջադրանքին մէջ` բոլորին տալու մեր սէրը, մեր բարիութիւնը մեր առատաձեռնութիւնը, որպէսզի մենք ալ դառնանք Յիսուսի Լոյսին շարունակականութիւնը, որ Բեթղեհէմի քարայրէն կը շարունակուի մարդոց սրտերուն մէջ ճառագայթիլ, անոնց պարգեւելով ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը որուն ամէնքս կը ձգտինք ։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակ համախմբուած տարբեր ազգերու պատկան հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Սիրելի երիտասարդներ` ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - մօտեցէք Բեթղեհէմի խորհուրդին, Մարիամու միեւնոյն հեզութեամբ ու հաւատքով։ Սիրելի հիւանդներ, մսուրէն քաղեցէք այն ուրախութիւնն ու ներքին խաղաղութիւնը զոր Յիսուս բերաւ աշխարհ։ Եւ դուք` սիրելի նորապսկեալներ, Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին նայելով, ընդօրինակեցէք անոր առաքինութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.