2013-12-18 11:43:41

Ջուրի Պակասէ Տառապող Երկիրներու Ցուցակ


«Պիզնըս Ինսայտըր» կը գրէ, որ «Ուորլտ Ռիսորս» հիմնարկի կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ 37 երկիրներ ջուրի «ծայրայեղ բարձր մակարդակի» պակաս կը զգան:
Հինգշաբթի օր հրապարակուած ուսումնասիրութիւնը գնահատած, քարտէսագրած եւ հաշուարկած է ջուրի հետ կապուած վտանգները հարիւր գետային աւազաններու մէջ` ըստ 181 երկիրներու տարածքի եւ բնակչութեան: Ուսումնասիրութիւնը տեղեկութիւններ կու տայ երկրի տնտեսութեան, միջավայրի եւ համայնքի հետ կապուած:
Երկիրները ստացած են 0-5 գնահատական իւրաքանչիւր ցուցանիշի համար. որքան բարձր է կէտը, այնքան բարձր է ջրային վտանգը:
Չորսէն բարձր կէտերը ցոյց կու տան, որ ջուրի միջին օգտագործողի համար տարեկան հասանելի ջուրի 80 առ հարիւրէն աւելին կը մսխուի: Օրինակ` Սինկափուրը ունի ամէնէն բարձր ջուրի «սթրես»-ի կէտը: Երկիրը խիտ բնակեցուած է, սակայն չունի քաղցր ջուրով լիճեր, եւ ջուրի պահանջարկը կը գերազանցէ առաջարկը:
Սինկափուրի նման 5 կէտ ունեցող եւ առաջին դիրքի վրայ գտնուող երկիրներուն շարքին են Կիպրոսը, Պահրէյնը, Մալթան, Քաթարը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:
Սէուտական Արաբիա կը գտնուի 18-րդ դիրքին վրայ (4.99 կէտ): 19-րդ, 20-րդ, 21-րդ եւ 22-րդ դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն Քուէյթը, Օմանը, Լիպիան եւ Իսրայէլը: Իսկ 25-րդ, 26-րդ, 27-րդ, 28-րդ եւ 29-րդ դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն Իրանը, Եմէնը, Պաղեստինը, Յորդանանը եւ Լիբանանը (4.54 կէտ): Հայաստան 3.1 կէտ ունի: 3-էն 4 կէտ ունեցողներուն մօտ վտանգը բարձր կը նկատուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.