2013-12-18 09:01:51

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


RealAudioMP3 «Ամէն ոչխար իր ոտքէն պիտի կախուի»:
Մարդիկ կ՛ուզեն միշտ սկիզբէն գիտնալ ամէն ինչին վերջը, առանց մտածելու որ Աստուծոյ դերը ո՛չ մէկ արարած կրնայ ստանձնել: Ո՛չ ոք կրնայ ճշգրիտ գուշակել ապագան աստուածային յստակատեսութեամբ, կամ՝ Արարիչին յատուկ նախասահմանեալ գիտութեամբ: Ցարդ պատահած են բազմաթիւ դէպքեր, որոնք անակնկալի մատնած են մարդկութիւնը: Եղած են պարագաներ, երբ որոշ անձեր յաւակնութիւնը ունեցած են հրապարակաւ յայտարարելու, թէ իրենք նախապէս զգացած են գալիքը: Ապագան գուշակելու, կամ պատահած դէպքին մասին նախապէս յատուկ զգացողութիւն ունեցած ըլլալու մասին սուրբերու վարքագրութեանց մէջ յաճախ կը կարդանք, որու հիմամբ, այդ կարողութիւնը կրնանք որակել իբրեւ աստուածահաճոյ անձերու իւրայատուկ երկնատուր շնորհք:
Թէ ի՞նչ պիտի պատահի իւրաքանչիւր անձի իր կեանքին ընթացքին, ուրեմն մարդկային սովորական կարողութեամբ անհնար է գուշակել:
Ոմանք երեւոյթներէն կը դատեն, սակայն ենթադրութիւններու մէջ կ՛իյնան յաճախ, առանց հասնելու եզրակացութեան: Վարկածները ո՛չ մէկ արժէք կ՛ունենան, եթէ զանոնք հիմնաւորող երեւոյթներ չպատահին իրողական գետնի վրայ: Այսպէս, օրինակ կարելի է տեսնել հիւանդութեամբ տառապող մէկը, որուն արտաքինը կը հիւծի, եւ հոգեկան դժուար կացութեան մէջ ըլլալով, յուսահատական արտայայտութիւններ կ՛ունենայ: Թէ՛ արտաքին երեւոյթէն եւ թէ հիւանդին ցաւատանջ մորմոքէն կարելի է ենթադրել, որ շուտով անիկա մահուամբ պիտի կնքէ իր մահկանացուն: Սա գուշակութիւն չէ՛ այնքան, որքան պարզ ենթադրութիւն, որ սակայն հիմնուած է տեսանելի եւ զգալի երեւոյթներու վրայ: Մարդիկ երբեմն զԱստուած «յանցաւոր» կը նկատեն, մարդոց կեանքին մէջ պատահող դժբախտ երեւոյթներուն, ըսելով. «Այս ճակատագիրը տնօրինած էր Աստուած իրեն»: Սակայն որպէս քրիստոնեայ պէտք չէ՛ ՜՜մահը՝՝ վերագրել Աստուծոյ, որ միշտ բարին կը կամենայ:
Մարդիկ իրենց կատարած սխալներուն հետեւանքները կը կրեն անպայման: Կենդանական աշխարհին մէջէն, թէեւ պժգալի, սակայն կարեւոր օրինակ է մուկը, որ ծակ-ծակ կը պահուըտի, երբ յաջողած է ուտելիք ճարել, կամ՝ դարանակալ կը սպասէ կարասիներու ու վարագոյրներու ետին, մինչեւ հասնի «գողութեան» յարմար պահը: Կը պատահի սակայն, որ փափաքած ուտելիքը ճարելէ ետք երբ անուշ-անուշ կը ճաշակէ, չ՛անդրադառնար որ պոչը դուրս մնացած է թաքստոցէն: Եւ յանկարծ կը պատահի անսպասելին… կը բռնուի: Հիմա, ո՞վ է յանցաւորը. ուտելի՞քը, թէ՞ իր անսուաղութիւնը:
Բնականար ոչ մէկը, ոչ ալ միւսը. այլ՝ իր այդ պահուան ՜՜անզգուշութիւնը՝՝:
Նոյնը կարելի է ըսել մարդոց պարագային: Իր կատարած սխալին հետեւանքը կրել՝ ամէնէն բնական երեւոյթն է մարդկային կեանքին մէջ: Շատեր կը սխալին արագութեան հետեւանքով, մոռնալով որ «շուտ»ն ու «լաւ»ը բնա՛ւ չեն ընկերանար իրարու: Այդպիսիներուն գործը առհասարակ թերաւարտ կը մնայ, գովասանքէ հեռու եւ գնահատանքէ զերծ: Ոմանք կ՛ուզեն գէթ աշխատողին ճիգը կամ ջանքը գնահատել, սակայն արդիւնքը միշտ գերակշիռ ըլլալով, իր վրայ կը կեդրոնացնէ թէ դիտողի՛ն թէ գնահատողին ուշադրութիւնը:Մուկին չափ եւ նոյնիսկ աւելի կարեւոր օրինակ է ոչխարը, որ նոյնպէս լայնօրէն օգտագործուած է հայ թէ օտար առակագիրներու կողմէ: Ոչխարը, կենդանական աշխարհին մէջ ծանօթ է իր բարութեամբ, միամտութեամբ եւ «զոհ»ի գաղափարով:
«Ամէն ոչխար իր ոտքէն պիտի կախուի»:
Նոյնը կարելի է մտածել մեզմէ իւրաքանչիւրին մասին այսինքն մարդուն մասին որ «իր ոտքէն կախուելու» արդար հատուցման պիտի ենթարկուի, համապատասխան իր գործած արարքներուն: «Տեսած ամէն ոչխարդ, ոչխար չկարծես, կրնայ ոչխարի մորթով գայլ ըլլալ»: Անոնք ալ իրենց ոտքէն պիտի կախուին... կրնանք երեւակայել թէ . « ի՛նչ պիտի ըլլայ անոնց վախճանը»: Աշխարհի սպանդանոցին մէջ, շա՜տ ոչխարներու մսակոյտեր պիտի ըլլան, քով-քովի շարուած, քանի որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ՜՜ ի՛ր ոտքէն կախուած պիտի ըլլայ…՝՝:
(Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.