2013-12-18 14:20:58

Համերգներ Սուրբ Ծնունդի տօնի առթիւ


Առ ի պատրաստութիւն Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններուն, հինգշաբթի, 19 դեկտեմբերին երեկոյեան ժամը 7։30-ին, կազմակերպութեամբ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի եւ կատարողութեամբ՝
Վարժարանի երգչախումբին խմբաւար` Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանին, տեղի կ'ունենայ
Սուրբ Ծնունդի համերգ, ՀԿՄ-ի ''Յ.Պօղոսեան'' թատերասրահին մէջ։

Կիրակի, 22 դեկտեմբեր 2013-ին երեկոյեան ժամը 8։30-ին, բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ամենապատիւ եւ Գերջ. Ներսէս
Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին, ու նախագահութեամբ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ժոզէֆ Պօղոսի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի կ'ունենայ Ս. Ծնունդի եւ Ամանորի համերգ Կատարողութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքկան երգչախումբի, ղեկաւարութեամբ՝ Տոքթ. Էտուար Թորիկեանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.