2013-12-18 14:04:10

Երուսաղէմի Լատիններու Թուալ Պատրիարքի բարեմաղթութիւնները Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի մէջ գործող կազմակերպութիւններուն։


''Ծնունդը Աստուծոյ մարմնացումն է, որ կը բնակի մեր մէջ։ Մեր վեհանձնութիւնն ու զօրակցութիւնը կեանքի մէջ այլ մարմնացումներ են, աղքատներուն, հիւանդներուն, անկարներուն եւ փախստականներուն համար''։ Այս բարերով է որ կ՛արտայայտուի Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք` գերերջանիկ Ֆուատ Թուալը, Սուրբ Ծննդեան առթիւ յղած իր բարեմաղթական պատգամին մէջ, ուղղուած Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի մէջ գործող մարդասիրական կազմակերպութիւններուն։
Պատրիարքը կը մատնանշէ թէ Սուրբ Ծնունդը սիրոյ եւ ողորմութեան մարմնացումն է եւ թէ Աստուած առանց նախապայմաններու մարդեղացաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ, ու այս մէկը կը նշանակէ թէ - կը գրէ Պատրիարքը - մեր զօրակցութիւնը հանդէպ աղքատին եւ փախստականին ըլլալու է ձրի եւ անվերապահ։
Թուալ Պատրիարքը իր պատգամին մէջ, կը գովէ Երուսաղէմի ու Յորդանանի Գարիթասի աշխատանքը եւ կը գնահատէ Յորդանանի ցուցաբերած հիւրընկալութիւնը հանդէպ` իրագցի, Սուրիացի եւ եգիպտացիւ փախստականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.