2013-12-18 14:45:30

9 ամուսայ Քահանայապետութեան ընթացքին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն մարդ ներկայ գտնուած է Ֆրանչիկսոս Պապի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններուն։


Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան բաշխած տոմսերու հիման վրայ, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցողներու թիւը, 27 մարտէն մինչեւ 18 դեկտեմբեր, գերազանցած է մէկ ու կէս միլիոնը, առանց հաշուի առնելու՝ այն հաւատացեալները որոնք առանց տոմսի, իրենց ինքնաբուխ մասնակցութիւնը բերած են, Քոնչիլիացիոնէ կոչուած պողոտայի երկայնքին։
Նշենք, թէ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան մասկացող հաւատացեալներու ամենաբարձր թիւը արձանագրուած է` 29 մայիս 2013 ին` 90 հազար մասնակիցներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.