2013-12-17 09:36:12

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ծննդեան 77-րդ Տարեդաձը


Երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը տօնախմբէ իր ծծնդեան 77-րդ ամեակը։
Աւազանի անունով՝ Եորկէ Մարիա Պերկոլիոյ ծնած է 17 դեկտեմբեր 1936-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ, իտալացի ծնողներէ (Բիէմոնթէէն)։ Հայրը՝ Մարիօ, երկաթուղիի ընկերութեան պաշտօնեայ էր, իսկ մայրը Րէճինա Սիվորի տանտիկին։ Երիտասարադ Եորկէն նախ հետեւած է գիտական (քիմիական) ճիւղին, ապա իր մէջ զգալով քահանայական կոչումը, 11 մարտ 1958-ին, մտած է Յիսուսեան Միաբանութեան դպրեվանքը։ Աւարտելէ ետք իմաստասիրական եւ Աստուածաբնական ուսումները` 13 դեկտեմբեր 1969-ին Քահանայ կը ձեռնադրուի եւ 22 Ապրիլ 1973-ին, որպէս Յիսուսեան միաբան, կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը եւ նոյն տարին կ՛ընտրուի Յիսուսեան միաբանութեան Արժանթինի Յիսուսեաններու մեծաւոր։
20 մայիս 1992-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը զինք կ՛անուանէ Պուէնոս Այրէսի տեղապահ եպիսկոպոս եւ նոյն տարուայ յունիսի 27-ին` Պերկոլիոյ կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը Կարտինալ Գուարրաչինօյի ձեռքով։ Այս վերջինիս մահէն ետք, գերապայծառ Պէրկոլիոն կը դառնայ Արժանթինի արեւելեան ծէսի հաւատացեալներու առաջնորդ` 28 փետրուար 1998 թուականին։
2001-ի փետրուար 21-ին գումարուած Կարտինալական Ժողովի ընթացքին, Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ քահանայապետը զինք Կարտինալ կ՛անուանէ, անոր շնորհելով Սուրբ Ռոպէրթօ Պէլլարմինոյի տիտղոսը։
Անցեալ 13 մարտ 2013-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի հրաժարականէն ետք, Պապընտիր կարտինալական ժողովը Եորկէ Պերկոլիոյ Կարտինալը կ՛ընտրէ որպէս Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդ։ Կարտինալ Պերկոլիոն կ՛որոշէ որպէս Քահանայապետ ''Ֆրանչիսկոս'' անունը որդեգրել, ի պատիւ Ասիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի տարեդարձին առթիւ, երեքշաբթի 17 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Վատիկանեան տեղեկութիւններով զբաղող մի քանի լրագրողներ հանդիպում մը կազմակերպած են զրուցելու համար Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Յիսուսեաններու ''Չիվիլդա Քաթթոլիքա'' պարբերաթերթի շնորհած հարցազրոյցի մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.