2013-12-17 10:55:18

Նոր Ծնունդ՝ Նոր Ցոյս


RealAudioMP3 Աշխարհին բոլոր քրիստոնեաները անհամբեր կը սպասեն Մեսիային գալուստը, Ան որ խաղաղութիւն պիտի բերէ աշխարհիս, երկինքէն իջած Որդին՝ ազգերուն յոյսը :
Յիսուսի ծնունղը լոկ պատմական դէպք մը չէ, այլ անդրադարձ մը ուր անցեալը, ներկան ու ապագան իրարու կը միանան :
Սակայն Յիսուս յայտնուեցաւ որպէս պարզ մարդու մը զաւակը՝ համեստ եւ խոնարհ : «Երբ հասաւ ժամանակներուն լրումը, Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ Օրէնքի տակ, որպէս զի ազատագրէ օրէնքի հպատակները եւ մեզի պարգեւէ որդեգրութեան շնորհքը» (Գաղ 4, 4-5) :
Յիսուս կը ծնի եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ ամէն մէկուն սրտին եւ կեանքին մէջ : Ան մաս կը կազմէ մարդկային պատմութեան. Ան մարդացաւ՝ մեզի վերստին տալու մեր հիմնական մարդկային արժանապատուութիւնը՝ զոր կորսնցուցինք Ադամի սկզբնական մեղքին հետեւանքով: Մեր հարազատ Յիսուսը ընտրեց Խաչին եւ Սիրոյ ճանապարհը, եւ առ ի հետեւանք, բարեսիրտ Հայրը իրեն շնորհեց ամենավսեմ անունը :
Յիսուսի ծնունդի առիթով, նոր իմաստ մը կը յայտնուի մարդկութեան պատմութեան մէջ՝ Վերածնունդը նոր եւ ընտիր մարդու մը, հեռու մեղքէն: Բէթղեհէմի մանուկով է որ մենք կ'ըլլանք Աստուծոյ իսկական եղբայրներն ու բարեկամները, մենք կը պարտինք այս Աստուածային կապը պահպանել մեր առօրեայ կեանքին մէջ :
Կաղանդը աոիթ մըն է վերադառնալու Աստուծոյ որ Իր Միակ Որդին ղրկեց մեր կեանքը փոխելու համար: Այս տօնակատարութեան եւ պատրաստութիւններու շրջանին, ջանանք մեր մէջ հիւրընկալելու Ան որ կը փափաքի մեր Սրտերուն մէջ հիմնել իր Սուրբ Տաճարը, եւ ուր շարունակ կը ծնի՝ մեզ ստեղծելու համար ըստ Իր պատկերին եւ նմանութեան: Անոր նպատակն է մեզ զետեղել հանդարտ վայրի մը մէջ՝ մեզի լսցնելու համար իր քաղցր խօսքերն ու ուսուցումները: Յիսուս կարողութիւնը ունի մեր սրտերը լեցնելու այնպիսի Սիրով մը ուր կարող կ'ըլլանք ներելու մեր թշնամիին եւ սիրելու զայն որպէս մեր հարազատ եղբայրը:
Երբ Յիսուս ծնի, հրեշտակները երկինքի մէջ պիտի երգեն Ովսաննաները: Այս երգը մեր ականջներուն մէջ կը թնդայ քանի որ մեր Արտերուն մէջ իր կեանքը կ'արմատանայ, իր ուրախութիւնը կը յայտնուի եւ իր Յարութեան բոցը կը փայլի:
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանենք Իր Սիրոյն: Այս է խորագոյն իմաստը Ծնունդին: Եկեղեցին յաճախ մեզ կը հրաւիրէ Յիսուսէն սնանելու, Ինք՝ այդ խոնարհ մանուկը Բէթղեհէմի, որ աշխարհ եկաւ՝ ծնելով խեղճ մսուրի մը մէջ:
Ժամանակ տրամադրենք ներքին լոութեան՝ խոկալու եւ ընդունելու համար մարդկութեան ամենասքանչելի Զաւակը, եւ այդպէսով լաւագոյն նուէրը ընծայած կ'ըլլանք Յիսուս Մանուկին :
Երբ մարդիկ կ'ուզեն իրենց սէրը յայտնել, բարեգործութիւն կ'ընեն, ծառայութիւն մը կը մատուցեն, կ'օգնեն ու կը մխիթարեն, կը ջանան բարեփոխել ընկերութեան անարդար պայմանները: Սակայն երբ Աստուած կ'ուզէ ցուցնել իր զօրութիւնը, յայտնել իր սէրը, չի դիմեր աչքառու գործերու, այլ կ'ըլլայ մարդ, մանուկ մարդ, դրուած մսուրի մը մէջ, աղքատ, զրկուած խղճալի: «Խենթ» սիրահարն է հոգիներու, չուզեց մեզմէ տարբերիլ, այլ եղաւ մեզմէ մէկը:
Մեր անձնական կեանքէն ներս, այս դէպքը որքան կը գրաւէ մեր սիրտը, կամքն ու հոգին: Յուզումի րոպէներէն ետք, անցուցած մսուրի մը առջեւ, կը վերադառնանք մեր հոգիներուն, մեր սին ձգտումներուն, մեր տմարդի իղձերուն : Ծննդեան առիթով, արծարծենք մեր տկար ու պատեհապաշտ հաւատքը: Մարդկութիւնը պէտք ունի հովիւներուն հաւատքին, պարզերու հաւատքին :
Տիրոջ հրեշտակին խօսքերը կը խրախուսեն մեզ Ծննդեան օրը եւ ամբողջ կեանքին համար, ըլլալու աւելի ճշմարիտ, աւելի մաքուր, աւելի երջանիկ: Թողունք, որ Տէրը ծնի մեր մէջ, թող իր ներկայութիւնը ձեւաւորէ մեզ ու կարող դարձնէ սիրելու զինք ու զիրար՝ իր սիրով:
Հայր ԳէորգԾ.Վրդ.Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.