2013-12-17 11:33:50

Թուրքիա յունիսէն ի վեր Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութեան 47 թոն զէնք ու զինամթերք ուղարկած Է


ՄԱԿ-ի առեւտրական գործառնութեանց արձանագրութեանց հիմամբ փաստաթուղթերու համաձայն, Թուրքիա յունիս ամսուընէ ի վեր Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութեան 47 թոն զէնք ու զինամթերք ուղարկած է, հակառակ թրքական կառավարութեան կողմէ այդ ուղղութեամբ շարունակուող հերքումներուն:
ՄԱԿ-ի արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ Թուրքիա անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին տարբեր քանակի զէնքեր ուղարկած է Սուրիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր զինեալներու: Մեծագոյն քանակը արձանագրուած է սեպտեմբերին, երբ 29 թոն զէնք ուղարկուած է:
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լեւենթ Կիւմրիւքճիւ սկիզբը հերքած է այդ թիւերը, սակայն հետագային «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հաստատած է, որ ՄԱԿ-ի թիւերը հիմնուած են Թրքական վիճակագրական հիմնարկին կողմէ կատարուած նախկին արձանագրութիւններուն վրայ: Հիմնարկը Սուրիա ուղարկուած այդ զէնքերը արձանագրած է իբրեւ «զինուորական օգտագործում չունեցող զէնքեր»: Այս դասակարգումը, որ որսի զէնքեր կը ներառէ, սակայն ոչ քալաշնիքովներու նման զէնքեր, պետութիւններուն կ՛արտօնէ շրջանցելու Սուրիա զէնք ուղարկելու դէմ հաստատուած արգելքը:
Թուրքիա շարունակ հերքած է, որ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն զինուորական օժանդակութիւն կը տրամադրէ, հակառակ շարք մը զեկուցումներու, որոնք հակառակը կը պնդեն:
Միւս կողմէ, սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ Դամասկոս մինչեւ հիմա «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան համար հրաւէր կամ այդ ժողովին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չէ ստացած:
Աղբիւրը նշած է, որ Սուրիոյ համար Իրանի` «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութիւնը շատ կարեւոր ու կենսական է եւ ընդհանուր առմամբ աւելի լաւ է` քան Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ կամ Սէուտական Արաբիոյ մասնակցութիւնը:
Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը նաեւ հաղորդեց, որ դանիական եւ նորվեկիական երկու նաւեր Կիպրոսի մօտ կը սպասեն Սուրիա ուղղուելու` քիմիական զէնքերու մէկ մասը դեկտեմբերի վերջաւորութեան փոխադրելու համար:
Մինչ այդ, «Նաշրա» կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ Նոր Հալէպի շրջանին մէջ Քահրուպա նախակրթարանին վրայ ինկած հրասանդային հրթիռի մը պատճառով երեխայ մը սպաննուած եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.