2013-12-14 12:15:54

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը 2014 տարուան խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ ` ''Եղբայրակցութիւնը` հիմք ու ճանապարհ խաղաղութեան''։


Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առաջին պատգամին մէջ, ''Եղբայրակցութիւնը` հիմք ու ճանապարհը խաղաղութեան'' բնաբանով, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը շեշտէ եղբայրական կապեր հաստատելու կարեւորութեան վրայ որպէս միջոցառում մարդու իրաւունքներու կիրարկումին, յատկապէս կեանքի եւ կրօնական ազատութեան իրաւունք։

Խարազանելով ժամանակակից աշխարհի ''մերժումի մտայնութիւնը'' եւ ''համաշխարհականացումի անտարբերութիւնը'', Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ հաւատացեալներն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը դիմադրելու անհատապաշտութեան գաղափարականութեան դէմ որ կը խախտէ ընկերային կապերը։

Բազամթիւ ընկերութիւններ կ'ապրին առանձնութեան մէջ, որպէս անմիջական հետեւանք ընտանեկան ու հասարակական կապերու խախտում։

Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ կ'ընդգծէ կարեւորութիւնը ընտանեկան կապերու հարկաւորութեան, եղբայրակցութեան դաստիարակութեան ի խնդիր։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գնահատումով եթէ նիւթական աղքատութիւնը համաշխարհային գետնի վրայ նուազեցաւ միւս կողմէ ընկերային յարաբերութիւններու աղքատութիւնը աճ արձանագրեց։

Կոչ ուղղելով իւրացնելու ''զուսպ եւ անհրաժեշտ կեանքի ոճ մը'', Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ որ իրարայաջորդ տնտեսական տագնապները մեզ պէտք են մղել վերատեսելու տնտեսական բարգաւաճումի կերպերը։

Սրբազան Հայրը ցաւով դիտել կու տայ որ երկրագունդի զանազան վայրերու մէջ կայացած բազմաթիւ զինեալ ընդհարումները, տեղի կ՛ունենան ընդհանուր անտարբերութեամբ ։ Ան իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ բոլոր այն ժողովուրդներուն որոնք թիրախ են պատերազմի եւ կ'ապրին ահ ու թողի եւ սարսափի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը կոչ կ'ուղղէ պատերազմ հռչակողներուն որ ուրիշին մէջ տեսնեն ոչ թէ թշնամի մը այլ եղբայր մը։ Անգամ մը եւս կը խնդրէ որ վերջ տրուի զէնքերու ծաւալումին ու վաճառքին, սկսեալ քիմէական ու միջուկային զէնքերէն։

Նոր սերունդի արդարացի տենչանքը պէտք չէ խաբանել, այլ աշխատելու ենք սատարելու վստահութեան հաստատումին, քաղաքացիին ու պետութեան միջեւ, վերջ դնելով ամէն տեսակ ապականութեան։

Իր պատգամին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ աւելի յարգանք ցոյց տալ շրջապատին ու բնութեան։ Իր գնահատումով բնական հարստութիւնները պատասխանատուութեան հոգիով շահագործուելու են ի նպաստ բոլորին եւ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով հողամշակոյթին վրայ, եւ լուծում գտնել անօթութեան գայթակղութեան։

Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետին 2014-ի խաղաղութեան համաշխարհային պատգամը մեծ ընդունելութիւն գտաւ միջազգային մամուլին մօտ, ընդգծելով պատգամին այս կամ այն նիւթը։ Ամենէն աւելի ընդգծուած է պատգամին բնաբանը. ''Եղբայրակցութիւնը` հիմք ու ճանապարհը խաղաղութեան''







All the contents on this site are copyrighted ©.