2013-12-14 13:27:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը: Սրբազան Քահանայապետի այցը Սանթա Մարթայ մանկադարմանատուն։


Շաբաթ, 14 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Մարք Ուելլէն, ապա ժամը 11,30-ին ընդունեց ֆրանսական Իրաւաբաններու “Barreau de Paris” գրասենեակի նախագահ` Քրիստեան Ֆերալ Սգուլ։ Ժամը 11,45-ին Սրբազան Հայրը այցելեց Վատիկանի Սանթա Մարթայ մանկադարմանատունը որ վերապահուած է ամէն ազգի ու ամէն կրօնի պատկան գաղթական աղքատ մանուկներուն։ Սանթա Մարթայի կեդրոնը ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին` մանկադարմանատան տնօրէնուհի` Քոյր Անթոնիէթա Քոլլաքքի եւ դարմանատան նախագահ ու Քահանայապետական ողորմնաբաշխ` գերապայծառ Քոնրատ Քրայեւսքին, ինչպէս նաեւ դարմանատան կամաւորներու եւ բժիշկներու մէկ պատուիրակութիւն մը։
Հուսկ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ Սանթա Մարթայի մանկադարմանատան ընտանիքներուն եւ կամաւորներուն։ Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսք ուղղեցին Քոյր Քոլլաքքի եւ հիւանդ մանուկի մը Մայրը։ Ներկաներուն ուղղած իր անպատրաստից հակիրճ խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ''արտայայտուած սիրոյն եւ մանուկներուն երջանկութեան համար'' ինչպէս նաեւ ''նուէրներուն եւ կարկանդակին''։ ''Տէրը օրհնէ ձեզ բոլորդ'' եզրափակեց Քահանայապետը։
Յայտնենք որ Սնաթա Մարթայի մանուկներու դարմանատան պատասխանատուները կարկանդով մը եւ նուէրով ուզեցին պատուել Սրբազան Քահանայապետը, անոր քահանայական ձեռնադրութեան 44-րդ տարեդարձի առթիւ (13 դեկտեմբեր) եւ յառաջիկայ 17 դեկտեմբերի նշուելիք ծննդեան տարեդարձին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.