2013-12-14 12:38:54

Քահանայապետական ողորմնաբաշխի միջոցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրբ Ծննդեան փոքրիկ նուէրը աղքատներուն։


Յառաջիկայ օրերուն Քահանայապետական ողորմնաբաշխ` գերապայծառ Քոնրատ ՔրայեւսՔին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի անունով, Մայր Թերեզայի Քոյրերէն խնամուած աղքատներուն պիտի յանձնէ 2000 նամակածրար, Վատիկնաեան դրոշմաթուղթերով, որպէսզի անոնք կարենան իրենց ընտանեկան պարագաներուն կամ բարեկամներուն Սուրբ Ծնունդի բարի մաղթութիւններ փոխանցել։
Ծրարը կը պարունակէ նաեւ` Քահանայապետէն ստորագրուած Ծննդեան նկար մը, հեռախօսի ''Քարդ'' եւ Հռոմի հանրակառքային փոխադրութեան տոմսեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.