2013-12-14 10:23:57

Վատիկանի Սանթա Մարթա Մանկադարմանատունը։


''Բաւարար չէ միայն բարիք ընել, այլ հարկ է լաւ ընել այդ բարիքը''։

Շաբաթ, 14 դեկտեմբեր, կէսօրին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Վատիկանի մանկադարմանատունը որ վերապահուած է ամէն ազգի ու ամէն կրօնի պատկան աղքատ գաղթական մանուկներուն։
Վատիկանի այս մանկադարմանատունը հիմնուած է 1922-ին, Պիոս ԺԱ Քահանայապետի օրով եւ ամերիկացի Տուլա Տրաչէք անունով տիկինի մը օժանդակութեմաբ։
Մանկադարմանատունը յանձնուած է եղբայրօգնութեան դուստրերու միաբանութեան խնամատարութեան, որուն հիմնադիրը եղած է սուրբ Վէնսան տը Փոլ (1581-1660)։ Այս միաբանութիւնը Վատիկան կանչուած էր 1884-ին, խնամելու ժանտախտի հիւանդները։Ապա Սրբուհի Մարթայի դարմանատունը վերածուեցաւ ուխտաւորներու ու թաղամասի աղքատներու բուժարան։
Ներկայիս Վատիկանի մանկադարամանատունը օգնութեան կը հասնի 270 ընտանիքներու։ 2012-ին այս կառոյցը խնամած է 3,500 մանուկներ, եկած համայն աշխարհէն։ Սանթա Մարթայի դարմանատան մէջ կը գործեն 22 կամաւոր բժիշկներ եւ այլ 25 կամաւորներ։
Լռելեան աշխատանք մը որուն կէտնպատակն է, ինչպէս կ՛ըսէր Սուրբ Վէնսան տը Փոլը` ''բաւարար չէ միայն բարիք ընել, այլ հարկ է լաւ ընել այդ բարիքը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.