2013-12-14 10:31:39

Մեսրոպեան Վարժարանի 75-ամեակի «Ֆլեշմոպ». «Սասնայ Պար»-ի իւրայատուկ ոճով ներկայացում` օտար հանրութեան


Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 75-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սիթի Մոլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ «Ֆլեշմոպ» մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հին ու նոր 75 մեսրոպեանականներ:
Իր բնոյթին մէջ եզակի նախաձեռնութիւնը հանրային կեդրոնին մէջ տօնական օրերու սեմին ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն եւ ուրախութիւն: Մեսրոպեանականները ներկայացուցին հայրենի երգչուհի Սիլվա Յակոբեանին «Սասնայ պար»-ը:
Կարճ տեւողութեան ընթացքին, կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գլխարկներ հագած նախկին եւ ներկայ մեսրոպեանականները ստեղծեցին հայաշունչ մթնոլորտ, օտարներուն ծանօթացուցին հայկական պարարուեստը եւ պարով նշեցին վարժարանին 75-ամեակը: «Ֆլեշմոպ»-ի պարուսոյցն էր Սարին Արթինեան-Տեմիրճեան:
Յայտնենք, որ մեսրոպեանականներու շարքին էին տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ` նախակրթարանէն, միջնակարգէն եւ երկրորդականէն աշակերտներ, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.