2013-12-14 10:32:51

ՄԱԿ Սուրիոյ մէջ Քիմիական զէնքի օգտագործման փաստերու գոյութիւնը կը յայտարարէ


ՄԱԿ-ը յայտարարեց, որ քիմիական զէնքերու գործածութեան հետաքննիչները Սուրիոյ մէջ իրենց այցելած 7 վայրերէն 5-ին մէջ քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործման փաստեր գտած են:
Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու գործածութեան հետաքննիչ յանձնախումբի ղեկավար Աքէ Սելսթրոմի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին յանձնած վերջնական զեկուցումին մէջ նշուած է, որ հետաքննիչները չեն յաջողած քիմիական զէնքերու յարձակումներու վայրերուն եւ զոհերուն միջեւ կապ մը հաստատել` աւելցնելով, որ «մասնագէտները չկրցան քիմիական զէնքերով յարձակումներուն մասին ամբողջական տեղեկութիւններ հաւաքել»:







All the contents on this site are copyrighted ©.