2013-12-14 13:47:12

Կարտինալ Քիւրդ Քոխի այցը Ռուսիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ։


Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Քիւրդ Քոխ, 14-էն 19 դեկտեմբեր, այցելութեամբ մեկնած է Ռուսիա ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ, Մոսկուայի եւ Սան Փիէթրոպուրկի մէջ, Օրթոտոքս եւ Կաթողիկէ Եկեղեցական պատկան ներկայացուցիչներուն հետ։
Իր կեցութեան ընթացքին, Կարտինալ Քոխ հանդիպումներ պիտի ունենայ Համայն Ռուսիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ` Կիւրեղ Ա Պատրիարքին եւ Պատրիարքարանի արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակի նախագահ` Մետրոպոլիտ Հիլարիոնի հետ որուն անցեալ 12 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շնորհած էր յատուկ ունկդրութիւն։ Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը, ապա Սան Փիեթրոպուրկի Աստուածաբանական Համալսարանի մէջ դասախօսութիւն մը պիտի կատարէ ''Կաթողիկէ, Օրթոտոքս Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւն'' նիւթին մասին։ Ան պիտի այցելէ նաեւ ''Լավրը Ալէքսանտրը Նէվսքի'' կոչուող վանքը, անոր երրորդ հարիւրամեակի տօնակատարութեան առթիւ։
Կարտինալ Քիւրդ Քոխ Մոսկուայի մէջ, ընդառաջելով տեղական ''Աստուծոյ Մայր'' թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Փաոլօ Փէցցիի հրաւէրին, Սան Փիեթրոպուրկի մէջ պիտի նախագահէ Սրբուհի կատարինէի տաճարին յոբելինական ծիսական տօնակատարութիւններուն որոնց աւարտին, Տիեզերական Բ ժողովին եւ եկեղեցիներու համամիութենական երկխօսութեան ծիրէն ներս հանդիպում պիտի ունենայ տեղական կաթողիկէ կղերականներուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.